Սեւանայ լիճի տարածքին մէջ, Միացեալ Նահանգներու դեսպան Քրիսթինա Քվինի հետեւեցաւ ջրային պարեկներու վերապատրաստութեան դասընթացքին, զոր կ՛ապահովէ Թմրամիջոցներու դէմ պայքարի եւ իրաւապահ համագործակցութեան գրասենեակի եւ Արդարադատութեան բաժանմունքի ԻՍԻԹԱՓ ծրագիրը: Այս մասին«Նիուզ»ը տեղեկացաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան «Ֆէյսպուք»ի էջին վրայ զետեղուած յայտարարութենէն։
«Միացեալ Նահանգները յանձնառու է աշխատելու Հայաստանի հետ իրաւապահ կառոյցներու ամրապնդման եւ հանրային ապահովութեան երաշխաւորման հարցերուն մէջ», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ։
