Ֆրանսա հրապարակեց ճամբորդական խորհրդատուական հաղորդագրութիւն մը, որ կը նախազգուշացնէ իր քաղաքացիները՝ Ատրպէյճան մեկնելէ, բացառաբար միայն ծայրայեղ անհրաժեշտութեան պարագային` «ձերբակալութեան, կամայական բանտարկութեան եւ անարդար դատավարութիւններու վտանգներուն պատճառով»: Այդ մասին կը յայտնէ «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը:
Հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ այսպիսի վտանգներու ենթակայ են պարզ զբօսաշրջիկները եւ գործով այցելողները, իսկ ձերբակալութեան կամ բանտարկութեան պարագային հիմնարար իրաւունքներու յարգանքը չէ երաշխաւորուած: Ֆրանսացի քաղաքացիները կրնան նախնական բանտարկութեան մէջ պահուիլ կամ երկրէն դուրս գալու արգելքի ենթարկուիլ՝ քանի մը ամսուան համար, նաեւ՝ ծանր բանտարկութիւն դատավարութիւններով, որոնք կրնան չյարգել պաշտպանութեան իրաւունքները:
«Բացի այդ, խստիւ խորհուրդ չի տրուիր մեկնիլ Հայաստանի հետ սահմանամերձ շրջանները, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի նախկին ինքնավար մարզի շրջանները եւ նախկին յարակից շրջանները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ։
ՊԱՔՈՒ Կ՛ԱՐՁԱԳԱՆԳԷ. «ՖՐԱՆՍԱ Կ՛ՈՒԶԷ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՒԵԼԻ ՍՐԵԼ»
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը:
«Վճռականօրէն կը դատապարտենք Ֆրանսայի Եւրոպական հարցերու եւ արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը: Ֆրանսայի այսպիսի անհիմն եւ կողմնակալ որոշումը կը վկայէ, որ այդ երկիրը կը ձգտի Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւնները աւելի սրել», ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան, յայտարարեց ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ: