Տարածաշրջանային խաղաղութիւնը, ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը պարզապէս նախապատուութիւն չեն, այլ Իրանի ազգային ապահովութեան հիմքն են: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ «Էքս»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապաս Արաղճի:
«Հիւսիսէն, հարաւէն, արեւելքէն կամ արեւմուտքէն որեւէ սպառնալիք՝ մեր դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան կամ սահմաններու փոփոխութեան, բացարձակապէս անընդունելի է եւ «կարմիր գիծ» է Իրանի համար», գրած է Արաղճի: