Հայաստանի Կառավարութիւնը 5 Սեպտեմբերին, լռելեայն համաձայնութիւն տուաւ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման յանձնաժողովներու կանոնակարգը վաւերացնելու նախաձեռնութեան:
Օրէնքի նախագիծը կառավարութեան չզեկուցուող հարցերու շարքին էր: Կրթութեան, ճանապարհաշինութեան ու այլ հարցերու շուրջ առաւել քան մէկ ժամ տեւած քննարկումէն ետք, միայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան որոշեց պարզաբանել, որ ինչո՞ւ չքննարկեցին Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման սկզբունքները ամրագրող նախագիծը։ «Մենք պատեհ չհամարեցինք Սահմանադրական դատարան ուղարկելուց առաջ կառավարութեան նիստում ընդլայնուած քննարկում անել այս հարցով, ինչը, կարծում եմ, տուեալ պարագայում ճիշդ մօտեցում է: Քաղաքական եւ բովանդակային աւելի մանրամասն քննարկումներ Սահմանադրական դատարանի դրական դիրքորոշման դէպքում տեղի կ՛ունենան Ազգային ժողովում, իսկ բացասական դիրքորոշման դէպքում արդէն դա լրիւ ուրիշ պատմութիւն է:
«Այնպէս որ, այսօր քննարկելու անհրաժեշտութիւն չկար, բայց միւս կողմից՝ ցանկացայ արձանագրել՝ որոշումը կայացուած է, եւ մենք հիմա սպասելու ենք ՍԴ որոշմանը», ըսաւ Փաշինեան:
Կառավարութեան որոշումէն ետք, արդէն գործադիրը պիտի դիմէ Սահմանադրական դատարանին՝ պարզելու համար, որ արդեօք կանոնակարգին մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները կը համապատասխանե՞ն Մայր օրէնքին: Այդ քննարկումներուն ընթացքին կառավարութեան ներկայացուցիչը պիտի ըլլայ փոխվարչապետ եւ սահմանազատման հայկական յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեան: Սահմանադրական դատարանի դրական որոշումին պարագային փաստաթուղթը կառավարութիւնը պիտի ուղարկէ Ազգային ժողով՝ վաւերացման:
Կանոնակարգը 30 Օգոստոսին՝ սահմանուած ժամկէտէն երկու ամիս ուշ ստորագրուեցաւ, բովանդակութիւնը հրապարակուեցաւ անկէ միայն երկու օր ետք: Այդ օրերուն, գործադիրը կը բացատրէր, թէ բովանդակութեան գաղտնազերծման ուշացումը կապ ունի նաեւ Ատրպէյճանի հետ գործընթացը կարելի եղածին չափ ներդաշնակելու անհրաժեշտութեան հետ:
Մինչ Հայաստան փաստօրէն սկսած է կանոնակարգի միջպետական վաւերացման ընթացակարգին, Պաքու, ըստ «Ազատութեան» ատրպէյճանական ծառայութեան, մինչեւ այս պահը փաստաթուղթը չէ հրապարակած՝ միայն հաստատած են, որ այդպիսի փաստաթուղթ մը կայ՝ առանց յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալու:
Նախորդ պարագաներուն հանդիպում-պայմանաւորուածութիւններուն մասին կողմերը միաժամանակ կը հաղորդէին: