Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 9 Սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի հետ բանակցուող խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ գերիներու հարցը ներառուած չէ՝ նոյն ատեն յիշեցնելով, որ անիկա ընդգրկուած է 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան մէջ:
Երեւանը թէեւ կ՛արձագանգէ, որ այդ փաստաթուղթին գրեթէ բոլոր դրոյթները խախտած են, նաեւ՝ գերիներու վերադարձի կէտը, բայց զանոնք կատարելու հրապարակաւ պահանջ չի ներկայացներ, մինչ Մոսկուա եւ Պաքու կը շարունակեն պնդել, թէ տարածաշրջանային ապաշրջափակման հարցը պէտք է լուծուի ինքնին այդ յայտարարութեան համաձայն:
«Խաղաղութեան պայմանագրի մէջ ներառուած չէ, այն ներառուած է Նոյեմբերի 9ի յայտարարութեան մէջ, որտեղ Ռուսաստանն ու Ադրբեջանը պարտաւորւում են այլ անձանց ու գերիների վերադարձը, որը Ռուսաստանն ու Ադրբեջանն այս փուլում չեն կատարում: Արդեօք սա նշանակո՞ւմ է, որ Ռուսաստանն ու Ադրբեջանը պատրաստւում են Նոյեմբերի 9ից իրենց ստորագրութիւնը յետ կանչուի, թէ` ոչ: Այս հարցը շատ կարեւոր է», ընդգծեց Սիմոնեան: Սակայն, ան չյստակացուց, որ Պաքուէն եւ Մոսկուայէն կը պահանջե՞ն կատարել անոր 8րդ կէտը, որ կ՛ենթադրէ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ այլ պահուող անձերու վերադարձը:
Խաղաղութեան պայմանագիրը պէտք չէ ենթադրէ գերիներու հարցի քննարկում, շեշտեց Սիմոնեան եւ շարունակեց՝ ըսելով. «Էս պահին մաս չի կազմում, բայց խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական չի, որովհետեւ այն ստորագրուած չի ու նոյնիսկ հակառակ կողմն ասում է` 80 տոկոսով է քննարկուած: Ես որեւիցէ բացարձակ բան չեմ ասել, կարող է խաղաղութեան պայմանագրի մէջ վաղը եւս երկու կէտ աւելանայ: Այդ հարցն ամենաառաջնային հարցերից մէկն է»:
44օրեայ պատերազմէն ետք, Ատրպէյճան քանի մը անգամ հայ գերիներ ազատ արձակեց։ Բայց Պաքուի քայլերը իրականութեան մէջ բխած են ոչ թէ 9 Նոյեմբերի համաձայնութենէն, այլ Պաքու յաւելեալ պահանջ ներկայացուցած է ականապատուած տարածքներու քարտէսներէն մինչեւ COP 29-ի իրականացման գծով Երեւանի աջակցութիւնը:
«Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան դիտել տուաւ, որ եթէ գերիներու վերադարձի հարցը Երեւան խաղաղութեան պայմանագիրի բանակցութիւններու նախապայման չդարձուց, առնուազն պէտք է բանակցութեան դրուած փաստաթուղթին մէջ այդ մասին դրոյթ ըլլար: Եթէ այդ ալ չկայ, ան տարակուսանքի մէջ է, որ ի՞նչ խաղաղութեան հաստատման մասին է խօսքը:
«Դա լծակ է, որ Ադրբեջանն անընդհատ օգտագործում է Հայաստանի դէմ ու եթէ հայկական կողմից բանակցողներն առաջինը այդ հարցի լուծումը չեն դնում բանակցային օրակարգում, դա նշանակում է, որ իրենք ընդունում են խաղի կանոնները եւ իրենց վրայ անընդհատ կարող է ճնշում գործադրուել` որեւէ կերպ պահուող անձանց վնաս հասցնելու կամ այլ արարքներ նրանց հետ իրականացնելու տեսքով», ըսաւ Վարդանեանը
Ան դիտել տուաւ, որ Հայաստանի կառավարութիւնն է Պաքուի մէջ պահուող անձերուն վերադարձի հարցը մոռացութեան մատնողը:
«Սա պետութեան հեղինակութեան հարցն է, եւ ուղղակի որեւէ այլ տեղ չէք գտնի խաղաղութեան պայմանագիր այն պարագայում, երբ կողմերն ունեն գերիներ եւ նրանք դեռ փոխանակուած չեն: Օրինակ` Իսրայէլ – Պաղեստին հակամարտութեան մէջ առաջնային հարցը հակամարտութիւնից, ռազմական կոնֆլիկտից (հակամարտութենէն) առաջ գերիների հարցն է», նշեց Վարդանեան: