Ասթանա պատրաստ է Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ բանակցութիւններուն համար հարթակ տրամադրելու։ Այս մասին յայտարարեց Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւ ատրպէյճանցի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին։
Ըստ Պաքուի տարածած հաղորդագրութեան՝ Ալիեւ յայտնեց, որ Պաքուի համար ընդունելի է Ասթանայի մէջ Հայաստանի հետ բանակցութիւններ կատարելու առաջարկը:
Նշենք, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այս տարուան Մայիսին հանդիպում ունեցան Ղազախստանի Ալմաթի քաղաքին մէջ, ուր քննարկեցին «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին երկկողմ համաձայնագիր»ի նախագիծը: