
Համազգայինի Գանատայի շրջանի հրատարակչական հիմնադրամի «Օշական» մատենաշարին հրատարակութեամբ՝ լոյս տեսաւ վաղամեռիկ մտաւորական, գրող եւ հրապարակագիր Վազգէն Էթիեմեզեանի (1943-1996) «Գրական Եւ Իմացական Էջեր» hատորը:
Յարութիւն Պէրպէրեանի խմբագրած գիրքը մէկ հատորի տակ կը համախմբէ Վազգէն Էթիեմեզեանի գրական ստեղծագործութիւնները եւ իմացական յօդուածներն ու գրախօսականները, որոնք լոյս տեսած են «Ահեկան»ի, «Սփիւռք»ի, «Ազդակ»ի,«Դրօշակ»ի եւ «Բագին»ի էջերուն մէջ, 1960ականներէն 1985ի միջեւ։
Յիշեցնենք, որ անցեալ տարի՝ Էթիեմեզեանի ծննդեան 80ամեակին առիթով, Պէյրութի մէջ լոյս տեսած էր «Շաբթուան Մտածումը» գիրքը, ուր հաւաքուած էին Էթիեմեզեանի քաղաքական-քաղաքագիտական եւ ընկերային-իմաստասիրական յօդուածները, որոնք լոյս տեսած էին «Ազդակ-Շաբաթօրեակ-Դրօշակ»ի 1981էն 1985 տարիներու թիւերուն մէջ: