Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ստորագրուեցաւ պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը, այդ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու 11րդ հանդիպումէն ետք։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլեր Պաթումի մէջ տեսակցեցաւ Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի իր պաշտօնակիցներուն՝ Իրաքլի Չիքովանիի եւ Զաքիր Հասանովի հետ։ Բանակցութիւններուն ընթացքին, օրակարգի վրայ եկան ռազմական գործակցութեան նոր հեռանկարները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող նիւթեր։ Կիւլեր իր պաշտօնակիցներուն նաեւ երկկողմ հանդիպումներ ունեցաւ հետ։
Կիւլեր ընդգծեց, որ Թուրքիա աջակցութիւն պիտի ցուցաբերէ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի տարածքային ամբողջականութեան։