

ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Գարուն չէ, ոչ ալ մրգաստանի մը մէջ եմ ու կը դիտեմ հիւթեղ բարերը: Բայց, ահա բացուեցաւ դպրոցին դուռը: Թարմութիւն մը կայ համալիրին մէջ: Նրբանցքները լեցուած են աշակերտներու ճռուողիւնով: Իսկ ես, յարգելի ընթերցող, վերամուտի ամէնամեայ ուրախ տրամադրութեամբ որոշեցի գրել «բարունակ» բառին դարաւոր բայց միշտ դալար պատմութիւնը, ու հասկնալ, թէ անիկա հայկական գրականութեան ի՛նչ բարիքներ պարգեւած է: Ահա «բարունակ» բառին պտղաբեր պատմութիւնը, սկսած՝ իր արմատով:
ՊՏՂԱԲԵՐ ՃԻՒՂԻ ԱՐՄԱՏԸ
Մեր բառարանագէտ եւ լեզուագէտ այրերը, ինչպէս Թիրեաքեան եւ Աճառեան, հայոց սաղարթախիտ լեզուի ճիւղերուն հետեւելով հասած են անոր արմատին. «բար» բառն է անիկա, որ կը նշանակէ «պտուղ»: Եթէ «բարել» բայը կը նշանակէ պտուղ տալ, «բարատու»՝ պտղատու եւ «բարաթափ»՝ պտղաթափ, ապա անոնք յարմար եւ հաւանական գտած են այս ստուգաբանութիւնը, այսինքն՝ բարունակ=պտուղ ունեցող, պտուղ տուող: Կը յիշէ՞ք, յարգելի ընթերցող, Եղիշէ Չարենցի այն սիրուած բանաստեղծութիւնը, ուր բանաստեղծը կը սիրէր Հայաստանի արեւահամ պտուղները. «Ես իմ Հայաստանի արեւահամ բարն եմ սիրում»: Իսկ հայ ազգը, ի՛նչ փափկանկատ ազնուութիւն, իր պտղատու եւ գործունեայ զաւակներն ալ կոչած է «բարունակ»: 15րդ դարէն ի վեր անձնանուն է անիկա, նախ միջնադարեան ընտիր յիշատակարաններու մէջ յիշուած, ապա՝ այսօր արժանապէս ընդհանրացած: Աւելին, «բարունակ» բառը, որ ունի դալար ճկունութիւն, այժմ կը նշանակէ «շառաւիղ», «սերունդ» եւ «յետնորդ»:
ԱՌԱՋԻՆ ԾԻԼԵՐԸ
«Բարունակ» բառին առաջին ծլարձակումները տեղի ունեցան 5րդ եւ 6րդ դարերուն: Հայկական հին մատենագրութեան մէջ հայ ընթերցողը կարդաց այդ բառին նորաբոյս արտայայտութիւնները: Ահա քանի մը խօսք Սուրբ Գիրքէն եւ հայ գրիչներէն. «Մի՛ ծաղկեսցեն բարունակք նորա», «Բարունակ ողկուզաբեր», «Բանաւոր բարունակ»: Իսկ առեղծուածային է հետեւեալը. «Բարունակք քո ձգեցան ընդ ծով»: 14րդ դարուն հնարեցինք «բարունակաձեւ» ածականը եւ գրի առինք աւելի պատկերաւոր արտայայտութիւններ: Գանձակեցի ըսաւ «Ծառ կենաց… բարունակաձեւ»: Իսկ Ոսկեփորիկ մատեանը մեզի տուաւ խաչելութեան պատկերը. «Բարունակաձեւ բազուկք քո բեւեռեցան ՛ի խաչափայտի»:
ՀԻՆ ԱՒԻՇՆԵՐԸ
«Բարունակ» բառի աւիշը կը շարունակէ հայկական հնագոյն գրականութեան մէջ հոսիլ եւ մեզ զարմացնել: Իր Մատեանին մէջ, Գրիգոր Նարեկացին կատարեց խոստովանութիւն մը՝ ինքզինք կոչելով «Բարունակ ապականաբեր», այսինքն՝ «Դառնաճիւղ տունկ մըն եմ՝ անառակ վարքի գարշութիւնը ծաղկեցնող. ապականաբեր եւ մահառիթ ողկոյզներ արտադրող բարունակն եմ»: Բարոյական եւ խրատական բանաստեղծութիւններու հեղինակ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Ներսէս Շնորհալիի ազդեցութեամբ ստեղծագործած Թաթոս վարդապետ Թոխաթցի, որ կրօնական գրականութեան մէջ խօսակցական լեզուն գործածած առաջին գրողներէն մէկն է, գրի առաւ հոգիի եւ մարմինի երկխօսութիւն մը ու մեզի տուաւ գեղեցիկ եւ պիտանի խրատ. «Հոգին մարմնոյն ասաց. Եղիր բարունակ, / Զբարին պտղաբերես, որ լինայ բաժակ»: Իսկ Ներսէս Շնորհալի հայրապետին համար՝ նախ Մայր Աստուածածինն էր բարունակ. «Նոր բուրաստան ծաղկերանգ, / Ողկուզաբեր բարունակ», ապա խաչափայտը՝ «Բարունակ բերող ուրախարար պտղոյն», Եդեսիա քաղաքը՝ «Այգի մեծ տաշտաւոր կամ բարունակ ողկուզաւոր», իսկ «Ամոլք Հաւատոյ» շարականին մէջ Յակոբ Մծբնացի հայրապետը՝ «Հովիւ քաջընթաց / Պարծանք եկեղեցւոյ / Հողանիւթ բարունակ»: Մծբնացին էր, որ Խաչատուր Աբովեանէն 1500 տարի առաջ փորձած էր Արարատ լեռը մագլցիլ: Ըստ Շնորհալիի, Յակոբ Մծբնացին Աստուծոյ հողեղէն շառաւիղն է, ան Տիրոջ մօտ մեր բարեխօսն է»: Յարգելի ընթերցող, պատշաճ է, որ դուք նաեւ խոր յուզումով լսէք Ստեփանոս Թոխաթցի տաղասացի խօսքերը, «Ո՛վ, այս անուն, ծառ բարունակ, / Համեղ ողկոյզ քաղցրաճաշակ, / Անուշահամ ախորժ բաժակ, / Ակ մարգարիտ եւ ոսկեհատ…»: Որդեկորոյս հօր խօսքերն են ասոնք, քանզի տաղը նուիրուած է վաղամեռիկ զաւակին:
ԳԻՆԻԻ ԵՒ ՍԻՐՈՅ ԲԱՐՈՒՆԱԿՆԵՐԸ
Եղան օրեր, հայրենի այգիներուն մէջ որթերը եղան պտղաբեր, յորդեցաւ գինին ու հայը երգեց սիրոյ թարմ երգեր: Աստուածատուր տաղասացը գովասանք մը հիւսեց, թէ՛ իր «բարունակ» եարին եւ թէ՝ խաղողին. «Քո կոճերն ելէր շիտակ, / Երկայնացէր զերդ բարունակ, / Ա՛յ լից ու տուր, ա՛յ լից ու տուր / Զանուշ գինին անապական»: Վարդան Կաֆացին այրեցաւ վարդի կարմիրէն ու գրեց. «Դու բարունակ պայծառ եւ ծիրանագոյն, / Բուրաստանաց մէջն փայլես աստղագոյն / Մի’ թափիր, վարդ, մի’ թափիր, / Խիստ այրեցայ ես քո հոտոյն»: Ժողովրդական երգերու մէջ ալ «բարունակ» էր սիրելին. «Քո մէջքն է քան զուռ բարակ, / Ու ծամերդ իջեր բարունակ»: Ալաշկերտի յատուկ երգին մէջ գեղեցկուհին հագեր էր «ճուպա» (կանացի հագուստ) եւ նման էր ողկոյզի. «Իմ կարճ ու բոլոր ճուպա / Բարունակ թեւերտ ի վերայ, / Ծծերտ է լուսնի խաղող, / Կուզ կապեր կրծոցիտ վերայ»: Իսկ 20րդ դարուն Ռուբէն Սեւակը մաշեցաւ: Սէրն էր պատճառը. «Քե՛զ երգելէն արիւնեցան, խենթեցան / Եօթը վէրքերն իմ բարունակ սրինգիս»: Իսկ օր մը, երբ մահաշունչ քամին փչեց եւ տապալեց յաւերժութեան ծառը, բարունակներ յոյս տուին Մատթէոս Զարիֆեանին. «Ծառը: Բայց իր կողէն՝ / Արծուաթռիչ նիզակներու խրոխտանքով՝ / Բարունակներ ժայթքեր էին դէպի երկինք»:
ԲԱՐՈՒՆԱԿԱԶԱՐԴ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐ
Հայ հեղինակը իր գիրքը անուանելու գործին մէջ եղած է «անբարունակ»: Հայկական մատենագրութեան պատմութեան մէջ չկայ գիրք մը, որ իր անունին մէջ ունենայ «բարունակ» բառը: Սակայն, յարգելի ընթերցող, ես գտայ մէկ այլ պտղալի դաշտ՝ հեղինակներ, որոնց անունն է եղած բարունակ: Ահա հազուագիւտ այդ խումբի քառեակը. «Ճանապարհորդութիւն ի Բաբելոն ընդ Հայաստան յամի տեառն 1847», Բարունակ Ֆերուհխան, Արմաշ, 1876, «Դիցաբանութիւն կամ ուսումն դիցակրօն հաւատալեաց», Բարունակ Բարսեղեան, Կ. Պոլիս, 1898, «Պատկերազարդ նոր քերական եւ ընթերցարան օսմաներէն լեզուի», Գառնիկ Բարունակեան, Կ. Պոլիս, 1909:
ԲԱՐՈՒՆԱԿ ՄԵՂԵԴԻՆ
Այժմ, յարգելի ընթերցող, երբ հրաժեշտ կու տայ օրը, կը փափաքիմ ազնիւ եւ գեղեցիկ մեղեդիով մը աւարտել յօդուածս: Գրիգոր Սիւնիի մշակած եւ ձայնագրած այս երգը թող բոլորիս ներշնչէ յոյս, եւ մեր օրերը, ձեր օրերը ըլլան՝ բարունակ.
«Դու բարակ ես, բարունակ ես,
Արեգական նմանակ ես,
Մէջ իմ սրտին անանակ ես:
Հոգիս էրուաւ, բոց կորակ ես:
Արի եար ճան, բարով արի,
Զնգզնգալէն սարովն արի»: