Պաղեստինեան «Համաս» շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ շեշտեց, որ պատերազմը դադրեցնելու, իսրայէլեան ուժերը Կազայէն ամբողջութեամբ հեռացնելու, պաշարումը վերցնելու, Կազան վերաշինելու եւ գերիները փոխանակելու լուրջ գործարքի մը գծով ցարդ «Իսրայէլի հետ համաձայնութիւն չկայ»:
Շարժումը յայտարարեց, որ Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ իր պատուիրակութիւնը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ժողով մը գումարեց Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մուհամմատ պըն Ապտելռահման Թանիի եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավար Ապպաս Քամելի հետ` քննարկելով պաղեստինեան դատին եւ Կազայի պատերազմին զարգացումները:
«Համաս»ը հանդիպումին ընթացքին ողջունեց անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ թափուած Եգիպտոսի եւ Քաթարի ջանքերը` շեշտելով շարժումին ցուցաբերած ճկունութիւնը եւ զինադադարի հաստատման համաձայնութեան հասնելու պատրաստակամութիւնը:
Շարժումը շեշտեց, որ պատրաստ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի 31 Մայիսին կատարած յայտարարութեան, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2735 որոշումին եւ 2 Յուլիս2024ին գոյացած համաձայնութիւններուն վրայ հիմնուած զինադադարի որեւէ համաձայնութիւն մը անմիջապէս գործադրելու: