Հայաստանի մօտ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան դեսպան Մեհտի Սոպհանի այցելեց Նորաւանի մէջ կառուցուող 400 քիլօուաթ կարողութեամբ ենթակայանը եւ ծանօթացաւ Իրանի եւ Հայաստանի միջեւ ելեկտրական հաղորդակցութեան երրորդ գիծի նախագիծի ընթացքին, զոր կ՛իրականացնէ իրանեան «Սանիր» ընկերութիւնը:
Իրանի դեսպանութենէն հաղորդեցին, որ այցելութեան ընթացքին Սոպհանի տեղեակ պահուեցաւ ծրագիրին ընթացքին մասին` տեղւոյն վրայ ծանօթանալով ծրագիրի կատարողական եւ թեքնիք փուլերուն։
Այցելութենէն ետք դեսպան Սոպհանի փորձագէտներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն ընթացքին քննարկուեցան ելեկտրական հաղորդակցութեան գիծին եւ ծրագիրի աւարտի արագացման վերաբերող հարցեր:
Ըստ Իրանի դեսպանատան` այդ նախագիծը, իբրեւ երկու երկիրներուն ուժանիւթի ոլորտին մէջ համագործակցութեան զարգացման ամէնէն կարեւոր ծրագիրներէն մէկը, առանձնայատուկ նշանակութեամբ օժտուած է: