ՊՈԼԻՍ, «Ակօս._ Ամառնային եռամսեայ արձակուրդի աւարտին, Երկուշաբթի, 9 Սեպտեմբերին սկսաւ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանը։
Դպրոցներու վերաբացումով յստակացաւ նաեւ քաղաքին հայ վարժարաններ յաճախող աշակերտներու թիւը։ Ըստ քաղուած տեղեկութիւններու՝ այս տարի հայ վարժարաններ կը յաճախեն 2695 աշակերտներ։ Անոնցմէ 2109ը արձանագրուած են մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարանները։ Երկրորդական բաժին յաճախողներու թիւը 585 է։
Թուային այս տուեալները կը հաստատեն, թէ Պոլսոյ հայկական դպրոցներու աշակերտներու թիւը կը շարունակէ նուազիլ։
2021-2022 ուսման տարեշրջանին աշակերտներու ընդհանուր թիւը 3016 էր։
2022-2023ին՝ 2865, իսկ նախորդ տարի՝ 2795 աշակերտներ կը յաճախէին Պոլսոյ հայ վարժարանները։