Հայաստան կ՛ակնկալէ Հնդկաստանի օգնութիւնը` թարմացնելու համար ռուսական Սու-30 կործանիչներու իր հաւաքածոն:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին կը գրէ Hindustan Times-ը` յղում կատարելով քաջատեղեակ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու:
Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին՝ Սու-30ներու արդիականացումը, զոր կ՛ակնկալէ Հայաստան, կը ներառէ օդանաւերու սարքեր, մարտեր վարելու ելեկտրոնային սարքեր եւ զէնքեր:
«Մենք դիտարկում ենք մեր Սու-30ների արդիականացումը Hindustan Aeronautics Limited-ի օգնութեամբ, քանի որ այն ոլորտում մեծ փորձ ունի», բազմակողմանի հանդիպման ծիրին մէջ լրատուամիջոցներու ըսաւ Հայաստանի զինուած օդուժի պետական-վարչութեան պետ Յովհաննէս Վարդանեան:
Ըստ անոր՝ Հնդկաստանի պաշտպանութեան ընդհանուր հրամանատար, զօրավար Անիլ Չաուհանի հետ քննարկած են համագործակցութեան ոլորտները։
Չաուհան հաստատեց Հայաստանի հետաքրքրութիւնը Սու-30ի արդիականացման հարցով:
Ան յայտնեց, որ այս մասին իրապէս խօսակցութիւններ կան, բայց կը գտնուին նախնական փուլի մէջ` ընդգծելով նաեւ Հայաստանի կողմէ շահագործուող Սու-30-ի տարբերութիւնը Հնդկաստանի զինուած ուժերու սպառազինութեան մէջ գտնուող Սու-30MKI-ներէն: Նոյն աղբիւրը շեշտեց, որ այս բոլորով հանդերձ, պէտք է նկատի ունենալ նաեւ տարածաշրջանի բարդ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հնդկաստանի երկարամեայ եւ վստահելի պաշտպանական գործընկեր Ռուսիոյ` Ատրպէյճանի հետ մերձեցումը` Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը սկսելէն ետք։