Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ տարածաշրջանին մէջ արդէն խաղաղութիւն կայ, բայց խաղաղութեան պայմանագիրին համար, Հայաստանի իր Սահմանադրութեամբ Ատրպէյճանէն տարածքային պահանջներուն վերջ դնելը կարեւոր, ինչպէս նաեւ պէտք դադրեցուի անցեալի մասունք հանդիսացող ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին եւ անոր հետ կապ ունեցող բոլոր կառոյցներու գործունէութիւնը։
Իլհամ Ալիեւ անդրադարձաւ երկկողմ գործընթացի ծիրին մէջ ձեռք բերուած դրական արդիւնքներուն եւ ըսաւ, որ այդ գործընթացը պիտի կատարուի Կանոնակարգի հիման վրայ:
Պլինքըն շեշտեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ մնայուն խաղաղութեան կարեւորութիւնը՝ յայտարարելով, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ ջանքեր գործադրել այդ նպատակին հասնելու համար:
Ան դրական քայլ նկատեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման գծով ձեռքբերումները։