

Վերամուտէն ընդամէնը քանի մը օր ետք՝ Շաբաթ, 14 Սեպտեմբերին, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ 1980ին հիմնադրուած Համազգայինի ճեմարանի նոր շէնքին բացումը։
Վարժարանը, որ կը գտնուի հայկական Պոմոն թաղամասի սիրտին վրայ կ՛ընդունի մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարանի աշակերտներ եւ կ՛ապահովէ հայերէնի ուսուցում բոլոր դասարաններուն:
Այս ստուար գործունէութիւնը վարժարանu ստիպած է կրկնապատկելու դասարաններու թիւը՝ մանկապարտէզէն մինչեւ 12րդ դասարան, ինչ որ թոյլ պիտի տայ նաեւ կրկնապատկելու գեղարուեստական եւ մարզական գործունէութեան կարելիութիւնները:
Ռընօ Միւզըլիէի գլխաւորած Հարաւի շրջանը ընդարձակման այս ծրագիրի իրագործման նպատակին տրամադրած է 400.000 եուրոյի նպաստ մը։ «Կեսարին իրաւունքը՝ Կեսարին»ի սկզբունքով անհրաժեշտ է յիշել հոս, նա՛եւ Շրջանի խորհրդական Օրոր Պրիւնայի անունը եւս, որ այս ծրագիրը Ռընօ Միւզըլիէին ներկայացնողը եւ այդ մասին բարեխօսողը եղած է։
Բացման արարողութեան, ի շարս բազմաթիւ այլ անձնաւորութիւններու՝ ներկայ եղան Շրջանի ծերակուտական Վալերի Պուայէ եւ Պոմոնի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արշէն քհնյ. Մովսիսեան։
Հանդիսաւոր արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը եւ ներկաները առիթը ունեցան այցելելու նոր շէնքը:
Աղբիւր՝ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»