

ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 85ԱՄԵԱԿ
Տարուան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը Յիսուսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ)։ Այս տօնին կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ հաստատուած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ սուրբ խաչին շնորհիւ մուսալեռցիները՝ այնճարցիները, փրկուեցան թուրքին եաթաղանէն։
Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա լերան հերոսամարտի 109րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85 ամեակներուն, որոնց տօնակատարութիւններու շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերը ե աւանդութիւնները պահելու ու պահպանելու՝ այնճարցիին վճռակամութիւնը։
Այս առիթով, Կիրակի, 15 Սեպտեմբերին, Արամ Ա. կաթողիկոսը հովուապետական այցելութիւն մը տուաւ Այնճար հայկական աւանին. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան, իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդին եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Օրուան պատարագիչն էր Պեքաայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան։
Այնճարի մուտքին վեհափառը դիմաւորուեցաւ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։


Հովուապետական այցելութեան ընթացքին, կաթողիկոսին շքախումբին մաս կը կազմէին Կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Ստեփանոս Ծ. վրդ. Փաշայեան, Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, կաթողիկոսարանի Տեղեկատուական բաժանմունքի տնօրէն Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական Ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր Պետրոսեան։
Այնճարի մուտքին, աւանդական աղի ու հացի օրհնութենէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցի, ուր Արամ Ա. կաթողիկոսը օրուան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Առաջին հերթին բարի գալստեան խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ սրբազան հայրը։ Ողջունելէ ետք հայրապետին ներկայութիւնը Լիբանանի Հայոց թեմին մէջ եւ մասնաւորաբար Այնճարի մէջ, ան վստահեցուց, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ նոր ոգեւորութիւն ներշնչելու Մուսա լերան շարաւիղներուն, որոնք հաղորդակից մնալով իրենց հայրերու կերտած փառքին՝ կը շարունակեն կորովով արմատ ու ճիւղ արձակել հայու քրտինքով նուիրականացած այս հողին վրայ։
Վերացման սուրբ խաչի տօնին լոյսին տակ, վեհափառը հակիրճ կերպով բացատրեց խաչին խորհուրդը՝ շեշտելով, թէ խաչը սիրոյ, զոհողութեան եւ յաղթանակի նշան է։ Իւրաքանչիւրին մասին ու աւետարանական մէջբերումներով ան անհրաժեշտ բացատրութիւններ տուաւ։ Ապա, անդրադառնալով մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան՝ կաթողիկոսը ըսաւ, թէ խաչը պաշտող առաջին ազգը եղած ենք եւ խաչին նկատմամբ մեր հաւատարմութենէն մղուած նահատակուած ենք ու պայքարած։ Խաչը մեր ժողովուրդին համար եղած է հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան աղբիւր ու մղիչ ոյժ։
Անդրադառնալով Մուսա լերան 40 օրերուն եւ մուսալեռցիներուն Այնճար հաստատման եւ խօսքը ուղղելով անոնց՝ կաթողիկոսը յայտնեց, թէ խաչի զօրութեամբ Մուսա լեռը արեան վկայութեամբ յաղթանակի վերածեցիք։ Խաչին զօրութեամբ Այնճար հաստատուեցաք՝ հակառակ ահաւոր դժուարութիւններուն, եւ խաչին զօրութեամբ այս երբեմնի գիւղը վերածեցիք փոքր Հայաստանի։ Խօսելով ներկայ ժամանակներուն մասին՝ Արամ Ա. կոչ ուղղեց այնճարցիներուն՝ նո՛յն հաւատարմութեամբ, խաչի հաւատքով ու զօրութեամբ զօրացած Այնճարը նոր իրագործումներով աւելի՛ ծաղկացնելու։
Այնճարի հաստատման 85ամեակի տօնակատարութիւնները եզրափակուցեան ի պատիւ վեհափառին տրուած պաշտօնական ճաշկերոյթով, որուն ընթացքին արտասանուեցան խօսքեր, կատարուեցաւ մենապար, քանի մը երգերով հանդէս եկան հայրենի արուեստագէտներ, իսկ աւարտին հայրապետը իր խօսքը ուղղեց ներկաներուն:


Իր խօսքին մէջ Հայրապետը կատարեց չորս հաստատումներ. առաջին. գնահատանք բոլոր անոնց, որոնք իրենց միտքէն, հոգիէն ու քսակէն բան մը տալով՝ շէնցուցին Այնճարը՝ զայն դարձնելով հայութեամբ շնչող հայ աւանի։ Երկրորդ. Այնճարը միայն հող ու քար չէ, այլ նաե՛ւ ժողովուրդ է։ Առանց ժողովուրդի Այնճարը իր իմաստը կը կորսնցնէ. հետեւաբար, այնճարցին պէտք է կապուած մնայ իր հողին՝ զայն աւելի շէնցնելու յանձնառութեամբ ու վճռականութեամբ։ Երրորդ. շուրջ տասը տարիներ առաջ, երբ այցելած էր Այնճար, կոչ ուղղած էր, որ այնճարցին իր հողը օտարին չծախէ։ Այսօ՛ր եւս նո՛յն կոչ կ՛ուղղեմ, ըսաւ հայրապետը, որովհետեւ օտարին օտարացնող ներկայութիւնը ընդունելի չէ՛։ Այնճարին հայ դիմագիծը պէտք է պահել ամէն գնով։ Չորրորդ. Այնճարը ունի իր լայն սփիւռքը։ Բոլոր գաղութներուն մէջ կան այնճարցիներ, որոնք տակաւին կապուած են Այնճարին. սակայն, անհրաժեշտ է, որ անոնք իրենց կապուածութիւնը գործնապէ՛ս արտայայտեն՝ նիւթական օժանդակութիւն կատարելով եւ Այնճարի կարիքներուն ու ծրագիրներուն օգտակար հանդիսանալով։ Այս ծիրին մէջ վեհափառը յատուկ կերպով գնահատեց տէր եւ տիկին Կայծակ ու Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը՝ ի տես անոր նուիրաբերումին Այնճարին եւ զանազան ծրագիրներու օժանդակութեան։ Այս առիթով, իբրեւ գնահատանք Զէյթլեան զոյգին ծառայութիւններուն եւ կատարած օժանդակութիւններուն՝ կաթողիկոսը Կայծակ Զէյթլեանը պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանով: