Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ եւ նախագահի Հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Տանըլտ Թրամփի Ֆլորիտայի կոլֆի ակումբին մօտ, գաղտնի ծառայութեան աշխատակից մը կրակ բացաւ, երբ կասկածելի զինեալ տղամարդ մը նկատեց:
Կասկածեալը կրցաւ փախուստ տալ, սակայն մօտաւորապէս 40 մղոն անդին ձերբակալուեցաւ։
«ԷՖ.Պի.Այ.»ը սկսած է հետաքննութեան. կատարուածը կը գնահատուի իբրեւ Թրամփի դէմ հաւանական մահափորձ:
Կասկածելին 58 տարեկան Ռայըն Ուեսլի Ռաութն է, որ ըստ նախնական տեղեկութիւններու, Ուքրանիոյ ամէն ձեւով օժանդակելու գաղափարին կողմնակից է եւ իբրեւ թէ նոյնիսկ անձամբ Ուքրանիա մեկնած է՝ Ռուսիոյ դէմ կռուելու համար, սակայն տեղւոյ իշխանութիւնները մերժած են զինք ճակատ ուղարկել: 2016ին ան Թրամփին ի նպաստ քուէարկած է, սակայն 2020ին փոխած է իր քուէն։
Նախագահ Ճօ Պայտըն միջադէպէն ետք հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Թրամփի հետ եւ գաղտնի ծառայութեան յանձնարարեց ապահովել Թրամփի պաշտպանութեան համար անհրաժեշտ ամէն բան, իսկ փոխնախագահ Քամալա Հերիս «բռնութիւնը Ամերիկայի մէջ տեղ չունի» յայտարարեց
Պայտըն գոհունակութիւն յայտնեց, որ Թրամփին որեւէ վնաս չէ հասած: Նոյն կարծիքը յայտնեց նաեւ Հերիս: