
ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ

«Տղա՛ք, երաժշտութիւնը կեանք կը փրկէ, «սոլֆեճիօ»ն անոր այբ, բեն, գիմն է», Համբարձում Պէրպէրեան, 1959 Հոկտեմբեր։
Այս խօսքը լսեցի, երբ ընդունուեցայ Պէյրութի ՀԲԸՄի Յովակիմեան-Մանուկեան մանչերու երկրորդական վարժարանի նախապատրաստական (ՆԲ) դասարանը։ Ես՝ Պէյրութի հայահոծ համեստ թաղերէն քաղաքի կեդրոնը գտնուող այս վարժարանը յայտնուեցայ։ Խոր երկիւղածութեամբ առաջին օրը շարուեցանք բակին մէջ։ Տնօրէն Արա Թօփճեան ինծի համար բաւական «բարդ» հայերէնով բաներ մը խօսեցաւ. միայն կը յիշեմ երկար բառ մը՝ «առանձնաշնորհեալ»։ Քանի մը ամիսէն, ապա յետագայ տարիներուն լիովին պիտի հասկնայի այդ բառին ամբողջ իմաստը։
Այո՛, առանձնաշնորհեալ էինք, որովհետեւ պիտի ունենայինք ուսուցիչներու փաղանգ մը, որուն շնորհիւ մենք եղանք ինչ որ ենք այսօր։ Այդ ուսուցիչներէն էին՝ Զարեհ Մելքոնեան (հայերէն), Համբարձում Պէրպէրեան (երգ-երաժշտութիւն), Գէորգ վարդապետ Կարպիսեան (գրաբար, դասական գրականութիւն), Երուանդ Քասունի (հայ գրականութիւն), Փօլ Կիրակոսեան (նկարչութիւն), Գերսամ Ահարոնեան (հայոց եւ ընդհանուր ազգաց պատմութիւն), Վահէ-Վահեան (հայ գրականութիւն) եւ այլ ուսուցիչներ գիտական ճիւղերու գծով։
Քանի մը դասերէ ետք մենք արդէն գոց գիտէինք Համբարձում Պէրպէրեանի եւ Սանթուրեան մականունով նաեւ ճանչցուած հարազատներու տանջալից ոդիսականը։ 1905ին ծնած էր Ատանայի մէջ. գաղթ, աքսոր, հարազատներու կորուստ, որբանոց, վերադարձ Ատանա, կրկին տեղահանում, Պոլիս, Իզմիր եւ ապա՝ Հալէպ ու Պէյրութ։
Հ. Պէրպէրեանէն սորվեցանք հայրենասիրական երգեր եւ «սոլֆեճիօ»։ Սիրեցինք այդ երգերն ու Բ. Պատերազմէն ետք վերականգնուող Խորհրդային Հայաստանի մէջ յօրինուած աշխատանքային երգերը, «գեղաքանդակ» Երեւանին նուիրուած երգեր, որոնք մեր կողմէ կ՛երգուէին մեծ ապրումով ու խանդավառութեամբ տօնակատարութիւններու եւ հանդէսներու ընթացքին։ Ափսոսացինք, երբ ան մեկնեցաւ Պոսթըն, ուր եղաւ ԹՄՄի հիմնադիրը եւ մեծ զարկ տուաւ Արեւելեան ափի հայ երգ ու երաժշտութեան զգալի տարածման։
Այս տարի կը լրանայ Ամերիկայի մէջ Թէքէեան Մշակութային միութեան հիմնադրութեան 55ամեակը։ Այս բարեբաստիկ առիթով Մեծագոյն Լոս Անճելըսի ԹՄՄի երիտասարդ վարչութիւնը նախաձեռնած էր յոբելենական տարեդարձը նուիրել իր մեծ երախտաւորին՝ մայէսթրօ Պէրպէրեանին։ Հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Սեպտեմբեր 6ին, Իրանահայ միութեան շքեղ սրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանին։ Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս Կարէն Իսրայէլեանն ու տիկինը։ Հակիրճ խօսքով մը հանդէս գալով հիւպատոսը իր շնորհակալական խօսքին մէջ շեշտեց մշակոյթի դերը եւ դրուատանքի խօսքեր ըսաւ կազմակերպողներուն։
Հանդիսութիւնը յագեցած էր Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւններու կատարումներով՝ մեներգներ, ջութակ, որոնց կատարողները կը հանդիսանային Լոս Անճելըսի լաւագոյն երաժիշտներէն ոմանք, ինչպէս Անահիտ Ներսիսեան (մեներգ), Պերճ Քարազեան (թենոր), Անջելա Ամիրեան (ջութակ), Հռիփսիմէ Ռշտունի (դաշնամուրի ընկերակցութիւն)։ Սրտառուչ ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ Պէրպէրեանի ամէնէն տարեց մտաւորական աշակերտը՝ դոկտ. Զաւէն Ա. քահանայ Արզումանեան (տեսերիզով)։ Կը մէջբերեմ հետեւեալ վկայութիւնը. «Պէրպէրեան իր կարեւոր նպաստը բերած է նաեւ հայ եկեղեցական երաժշտութեան, տարիներ շարունակ սորվեցնելով եւ ղեկավարելով Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները, յատկապէս Անթիլիասի Դպրեվանքէն ներս»։
Հանդիսատեսներուն մէջ զգալի թիւ մը կը կազմէին Պէրպէրեանի սան-սանուհիներ ու երգչախումբերուն մասնակցած անդամ-անդամուհիներ։ Աշակերտներուն անունէն սրտառուչ ելոյթ ունեցաւ Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի աշակերտներէն Տիգրան Էքիզեան, որ նախ իր անկեղծ շնորհակալութիւնները յայտնեց ձեռնարկը կազմակերպողներուն՝ այս գեղեցիկ հանդիսութիւնը յղանալուն համար։ «Սիրելի եւ անմոռանալի ուսուցիչ,- ըսաւ ան,-ես եւ քու բազմաթիւ աշակերտներդ աշխարհասփիւռ, այսօր կ՚ուզենք փոխանցել մեր երախտաշատ զգացումները քեզի եւ քու սրբազան հոգիիդ, որ կեանք մը ամբողջ նուիրեցիր հայ երաժշտութեան, եւ մեր հոգիներուն մէջ ծաղկեցուցիր անմահ սէրը մեր պանծալի մշակոյթին, մեր աննման երգին եւ երաժշտութեան»։
Յայտագրի աւարտին տեղի ունեցաւ ԹՄՄի 55ամեակի կարկանդակը կտրելու արարողութիւնը՝ ձեռամբ վաստակաւոր թէքէեանական Բարսեղ Գարթալեանի, ապա բեմ հրաւիրուեցան Պէրպէրեանի սան-սանուհիները նկարով մը օրուան յիշատակը յաւերժացնելու համար։
Երաժշտութեան եւ երգի մեր անփոխարինելի ուսուցիչը երեւոյթ մըն էր Միջին Արեւելքի, բայց յատկապէս Լիբանանի մէջ, ուր 50-60ականներուն հայ մշակութային եւ երաժշտական կեանքը աննախընթաց վերելք մը ապրեցաւ՝ երգչախումբեր, նուագախումբեր, երգի-պարի համոյթներ, տօնահանդէսներ (Պաալպեք)՝ Պէյրութը վերածեր էին Արեւելքի Փարիզի, իսկ հայերուս պարագային՝ Երեւանի։
Պէրպէրեան ոչ միայն գլխաւոր դերակատարներէն մէկն էր այս ծաղկունքին, այլեւ հիմնադիրներէն մէկը։ Իր ցուցաբերած վաստակին առ ի գնահատանք 1978ին Երեւան հրաւիրուեցաւ եւ ընդունուեցաւ մեծ շուքով։
Այսօրուան պէս կը յիշեմ Երեւանի Ֆիլհարմոնիային մէջ մայէսթրոյին ստեղծագործութիւններուն նուիրուած շքեղ համերգը, որուն իր ներկայութեամբ մեծ շուք կու տար Վազգէն Ա. հայրապետը, իր շքախումբով։ Ֆիլհարմոնիայի նուագախումբը կատարեց Պէրպէրեանի ստեղծագործութիւնները, իսկ մեներգողներն էին «Հայաստանի Սոխակ» Գոհար Գասպարեան («Կ՛անձրեւէ տղաս»), եւ անզուգական Լուսինէ Զաքարեան։
Պէրպէրեանի համերգին ներկայ էին նաեւ ՀԲԸՄի դպրոցներու շրջանաւարտներ (որոնց մէջ նաեւ ես), որոնք կ՛ուսանէին Երեւանի բարձրագոյն հաստատութիւններուն մէջ։ Երբ մեր պատուիրակութիւնը բեմ բարձրացաւ հսկայական ծաղկեփունջ մը նուիրելու, սիրելի ուսուցիչը յուզումով տալով մեր անունները եւ դառնալով հանդիսականներուն ըսաւ. «Ասոնք իմ տղաքս են…»։
Քիչ կը պատահի, երբ ուսուցիչ աշակերտ սիրտէ սիրտ կապը կ՛ընկերակցի մեզի կեանքի ամբողջ ընթացքին, կը մոռցուին մանր-մունր դէպքերը եւ աւելի կ՛անուշնան հարազատ պահերը։ Համբարձում Պէրպէրեան իմ նման շատերու կեանքին մէջ եղած է այդ անձերէն մէկը։ Փառք ու պատիւ իր փառաւոր վաստակին։
Անարդար պիտի ըլլայի եթէ ակնարկիս մէջ չդրուատէի կազմակերպիչներու նուիրուածութիւնն ու ցուցաբերած բծախնդրութիւնը։ Արդարեւ, այս կոկիկ յայտագիրը կը պարտինք երիտասարդ վարչականներու, որոնք իրենց արհեստավարժութեամբ անմոռանալի երեկոյ մը պարգեւեցին մեզի եւ դեռ պիտի պարգեւեն։ Յայտագիրը արագ եւ սահուն ընթացաւ շնորհիւ հաղորդավարներ Յասմիկ Գարայեանի (վարչութեան անդամուհի) եւ Միհրան Թումաճանի (ատենադպիր) հեզասահ հանդիսավարութեան։ Այս փաստին իր փակման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ ըսելով. «Այսպիսի որակաւոր հանդիսութիւններով մեզ ճանչցնել կու տան մեր մեծերը…այսպիսով մենք հաղորդ կը դառնանք պատմութեան եւ մեր մեծերու թողած արժէքներուն»։
Յիրաւի, Լոս Անճելըսի ԹՄՄը ապահով ձեռքերու մէջ է։