Երեքշաբթի յետմիջօրէին, Լիբանանի բազմաթիւ շրջաններու մէջ «Հըզպալլա»ի անդամներու մօտ գտնուող «Փէյճըր» կամ «Պիփըր» անունով ծանօթ հաղորդակցութեան սարքեր պայթեցան` պատճառելով բազմաթիւ վիրաւորներ:
Պայթումները պատահեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններու, Պեքաայի, հարաւային Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ:
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ, ըստ նախնական տուեալներու, արձանագրուած են 12 զոհեր եւ առաւել քան 2800 վիրաւորներ:
Հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ «Հըզպալլա»ն յայտնեց, որ աղջնակ մը եւ կուսակցութեան երկու անդամներ մահացած են, իսկ բազմաթիւ ուրիշներ` վիրաւորուած:
Իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վիրաւորներու շարքին է նաեւ Լիբանանի մօտ Իրանի դեսպանը:
Աղբիւրներ «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեցին, թէ վիրաւորուած են երեսփոխան Հասան Ֆատլալլայի տղան եւ «Հըզպալլա»ի բարձրաստիճան պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆայի երկու որդիները: Ըստ շարք մը լրատուամիջոցներու՝ մահացած է նաեւ Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի ղեկավար Ալի Ամմարի որդին:
Լաւատեղեակ աղբիւրներ «Ուոլ Սթրիթ Ճըրնըլ»ին յայտնեցին, թէ «Հըզպալլա»ն Թայուանի մէջ արտադրուած նշեալ «Փէյճըր»ները ստացաւ վերջերս:
Ապահովական աղբիւրներ «Ճազիրա»ին յայտնեցին, որ պայթումներուն պատճառը ճարտարագիտական միջոցով ներթափանցումն է: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Լիբանանի մէջ պայթեցուած սարքերուն աղբիւրը իրանեան «Թելերիմ» ընկերութիւնն է, եւ իսրայէլեան Շապաքը յաջողած է ներթափանցել եւ զանոնք պայթեցնել:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի մօտիկ խորհրդատու մը անուղղակի կերպով հաստատեց, որ Իսրայէլ կը կանգնի «Փէյճըր»ներու պայթումներուն ետին: «Ետիոթ Ահրոնոթ»ը հաղորդեց, որ ան աւելի ուշ ջնջեց «Էքս»ի վրայ իր գրութիւնը:
Իսրայէլեան Ազգային ապհովութեան խորհուրդը իսրայէլացի նախարարներուն կոչ ուղղեց` Լիբանանի մէջ արձանագրուած դէպքին վերաբերեալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարելու:
«Հաղորդակցութեան սարքերու պայթեցումը մինչեւ հիմա կատարուած ապահովական մեծագոյն ներթափանցումն է», «Ռոյթըրզ»ին յայտնեց «Հըզպալլա»էն պաշտօնատար մը:
Հիւանդանոցները դէպքերէն ետք կոչ ուղղեցին` արեան տուչութիւն կատարելու:
«Դիմադրութիւնը բոլոր մակարդակներուն վրայ եւ իր բոլոր ստորաբաժանումներով առաւելագոյն պատրաստ վիճակի մէջ է՝ պաշտպանելու Լիբանանը եւ անոր տոկուն ժողովուրդը», յայտնեց «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը` աւելցնելով, որ իրեն առնչակից ծառայութիւնները ապահովական եւ գիտական լայնածաւալ հետաքննութիւն կը կատարեն` բացայայտելու համար պայթումներուն պատճառը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն դատապարտեց «այս ահաւոր ոճիրը եւ կը ցաւակցի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն՝ Աստուծմէ ողորմութիւն հայցելով անոնց հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն»:
ՆԵԹԱՆԻԱՀՈՒ Կ՛ՈՒԶԷ ՆԱԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԷՄ ՃԱԿԱՏ ԲԱՆԱԼ
Իսրայէլ ընդլայնեց Կազայի մէջ պատերազմին յայտարարուած նպատակները` անոնց միացնելով Լիբանանի հետ սահմանամերձ հիւսիսի բնակիչներու տունդարձի ապահովումը:
Նեթանիահուի գրասենեակը յայտնեց, որ ապահովական հարցերու նախարարաց սեղմ խորհուրդը հաւանութիւն տուաւ «հիւսիսի բնակիչներուն՝ իրենց տուները ապահով վերադառնալու» կէտը պատերազմի նպատակներուն վրայ աւելցնելու որոշումին:
Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» օրաթերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրներուն, հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակին մէջ հիւսիսային հրամանատարութեան ղեկավար զօրավար Ուրի Կորտին յանձնարարեց հարաւային Լիբանանի մէջ արգելակիչ գօտի մը ստեղծել:
«Ապահովական մարմիններու պատասխանատուները զգուշացուցին կառավարութիւնը լայնածաւալ պատերազմ պատճառելէ: Բանակին եւ կառավարութեան միջեւ տարակարծութիւնները շատ սուր մակարդակի հասած են», «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնեցին կարգ մը աղբիւրներ:
Յիշեցնենք, որ Նեթանիահու Երկուշաբթի երեկոյեան ամերիկացի պատուիրակ Էյմըս Հոքշթայնի հետ իր հանդիպումին ընթացքին ըսած էր հետեւեալը. «Իսրայէլ կը գնահատէ Ուաշինկթընի զօրակցութիւնը, սակայն պէտք եղածը պիտի ընէ բնակիչները հիւսիս վերադարձնելու եւ անոնց ապահովութիւնը պաշտպանելու համար»: