Եւրոպական խորհուրդի պատգամաւոր Նաթալի Լուազօ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ խօսեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ արցախահայութիւնը ցեղային զտումներու ենթարկելու մասին, կը տեղեկացնէ Պելճիքայի մօտ Հայաստանի դեսպանատունը։
Պատգամաւորը յիշեցուց, որ 19 Սեպտեմբերին ամբողջացաւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կատարուած ցեղային զտումներու մէկ տարին` նշելով, որ մէկ տարի ետք, առաւել քան 100,000 հայեր վերադարձի կարելիութիւն չունին:
«Ատրպէյճան կը շարունակէ պահել անցեալ հակամարտութեան գերիները, եւ անոնք չեն կրնար վերադառնալ տուն: Լեռնային Ղարաբաղի հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը վտանգուած է, բազմաթիւ յուշարձաններ քանդուած են: Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիր չէ ստորագրուած, եւ քանի մը շաբաթէն Պաքու պիտի հիւրընկալէ COP29-ը: Բոլոր անոնք, որոնք կը պատրաստուին մասնակցիլ համաժողովին, պարտաւոր են կոչ ուղղելու՝ ապահովելու վերադարձը Լեռնային Ղարաբաղ եւ ազատ արձակելու գերիները», ըսաւ Լուազօ: