Հարաւային Պէյրութի վրայ անցեալ Ուրբաթ օրուան յարձակումէն ետք, Իսրայէլ սաստկացուց դէպի հարաւային Լիբանան, ինչպէս նաեւ Պաալպեք ռմբակոծումները, պնդելով, որ թիրախները «Հըզպալլա»ի կեդրոններ են, ուրկէ շաբաթավերջին եւ Երկուշաբթի օր դէպի Իսրայէլ հրթիռներ արձակուեցան։
Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը Երկուշաբթի օր հաղորդեց, թէ իսրայէլեան յարձակումները խլեցին առնուազն 492 զոհեր եւ վիրաւորեցին առաւել քան 1000 ուրիշներ։
Լիբանանի վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի տեղի ունեցածը որակեց «բնաջնջումի պատերազմ»՝ դատապարտելով Իսրայէլի «քանդիչ ծրագիրը»։
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ եւ քննարկած է Միջին Արեւելքի թղթածրարը, ներառեալ՝ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման աշխատանքը, գերիներու տունդարձը, Կազայի բնակչութեան մարդասիրական օժանդակութիւններու յաւելումը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ մագլցումը նուազեցնելու կարիքը եւ յանձնառութիւնը դիւանագիտական լուծումի մը նկատմամբ, որ իսրայէլացի եւ լիբանանցի քաղաքայիններուն իրենց տուները անվտանգ վերադառնալը պիտի արտօնէ:
«Ուաշինկթըն եւ Փարիզ կոչ կ՛ուղղեն` Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Լիբանանի մէջ մագլցումը զսպելու եւ նուազեցնելու», յայտարարեց Պլինքըն:
«Ֆրանսա մտահոգ է Միջին Արեւելքի կացութեան նկատմամբ, եւ մագլցում չենք ուզեր ու այս պատգամները փոխանցեցինք լիբանանեան կողմին», իր կարգին յայտնեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ: