
Հայաստանը եւ «Եուրօճասթ»ը (Քրէական արդարադատութեան գործակցութեան Եւրոպական Միութեան գործակալութիւն) ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եւրոպական միութեան միջեւ Հայաստանի Հանրապետութեան քրէական վարոյթներով իրաւական համագործակցութեան ոլորտում իրաւասու մարմինների եւ Եւրոպական միութեան քրէական արդարադատութեան ոլորտում համագործակցութեան գործակալութեան («Եւրաջասթ») միջեւ համագործակցութեան մասին» համաձայնագիրի իրականացման վերաբերեալ աշխատանքային պայմանաւորուածութիւն:
Փաստաթուղթը ստորագրեցին Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Գրիգոր Մինասեան, Հայաստանի գլխաւոր դատախազ Աննա Վարդապետեան եւ «Եուրօճասթ»ի նախագահ Լատիսլաւ Համրան:
«Երախտագիտութեամբ ընդգծում եմ համագործակցութիւնը համաձայնագրով հաստատելու հարցում Եւրոպական միութեան երկրներում Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնների աշխատանքը, շնորհակալութիւն եմ յայտնում հետեւողական քայլերի համար: Առանձնայատուկ ընդգծումով շնորհակալութիւն եմ յայտնում Հայաստանում Եւրոպական միութեան պատուիրակութեանը, ինչպէս նաեւ այս օրն իրականութիւն դարձնելու գործում իրենց աւանդն ունեցած` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական մարմինների մեր բոլոր գործընկերներին: Շնորհաւորում եմ բոլորիս, մաղթում արդիւնաւէտ համատեղ աշխատանք», իր խօսքին մէջ ըսաւ Վարդապետեան։
«Այսօր մենք ամփոփում ենք «Եւրաջասթ»ի հետ համաձայնագրի կարեւորագոյն փուլը, այսինքն`մենք ունենք հողի վրայ աշխատանքների իրականացման բուն գործընթաց: Սրանով մեր անդրազգային յանցաւորութեան դէմ պայքարը բերում ենք մի նոր մակարդակի: Դա նշանակում է համագործակցութիւն առաջատար կառոյցների, պայքար յանցաւորութեան դէմ լրիւ նոր գործիքակազմով», նշեց Մինասեան: Ըստ անոր`այս փաստաթուղթը դատաիրաւական բարեփոխումներու ծիրին մէջ ապացոյց է, թէ կառավարութիւնը որքան աշխատանք կատարած է: Ան նշեց, որ եւրոպական կառոյցներու հետ աշխատանքներու հաստատման տարի էր, իսկ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութիւնը` դատաիրաւական համակարգը եւրոպական չափանիշներուն համապատասխանեցնելու, արդիւնք կու տայ: «Այս համաձայնագրի կիզակէտն է տուեալների փոխանակումը: Մեր գործընկերները, բոլոր գերատեսչութիւնները պէտք է այս նոր նշաձողին ձգտեն, այսինքն` մեր տուեալները, բազան (հիմքը) այնպիսի չափանիշների համապատասխանեցնենք, որ դրա փոխանցումը լինի գերպաշտպանուած եւ ապահովուած», նշեց Մինասեան:
Հայաստան «Եուրօճասթ»ի մէջ համագործակցութեան հարցերու գծով դատախազ պիտի ունենայ: Փաստաթուղթը կը կարգաւորէ համագործակցութեան հարցերու գծով դատախազի գործուղման, անոր գործունէութեան շրջանակի, մասնաւորաբար` «Եուրօճասթ»ի աշխատակազմի նիստերուն, աշխատանքային խումբի գործունէութեան, ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող հանդիպումներուն, դասընթացքներուն, իրազեկման միջոցառումներուն եւ ծրագիրներուն վերջինիս մասնակցութեան վերաբերող հարցերը:
Ստորագրութենէն ետք Գլխաւոր դատախազութեան հետ պիտի սկսի դատախազի ընտրութեան թափանցիկ գործընթացը:
Մինասեան նկատել տուաւ, որ Հայաստանը ներկայացնող դատախազը կատարեալ եւ օրինակելի ըլլալը կարեւոր է:
«Այսօր դուք կը դառնաք «Եուրօճասթ»ի` Եւրոպական Միութեան անդամ չհանդիսացող 14րդ անդամը, եւ ասիկա կը նշանակէ նաեւ, որ դուք կրնաք գործուղել համակարգող կամ մարդուժի համար պատասխանատու դատախազ մը դէպի Լա Հէյ», յայտնեց «Եուրօճասթ»ի նախագահ Լատիսլաւ Համրան: