«Արցունք չենք թափեր («Հըզպալլա»ի ղեկավարներէն) Իպրահիմ Աքըլի համար, որուն ձեռքերը ամերիկացիներու արիւնով ներկուած են, սակայն մագլցում չենք ուզեր: Կը գիտակցինք, թէ հարցերը լաւագոյն ուղղութեամբ չեն ընթանար, եւ չենք ուզեր, որ Լիբանանի մէջ այլ ճակատ մը բացուի», Լիբանանի վրայ Իսրայէլի նորագոյն յարձակումներուն անդրադառնալով՝ յայտնեց Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի՝ աւելցնելով. «Տակաւին կը կարծենք, որ տագնապը լուծելու եւ իսրայէլացիները իրենց տուները վերադարձնելու դիւանագիտական աշխատանքի համար բաւարար ժամանակ եւ առիթ կայ։ Չենք կարծեր, որ տագնապը զինուորական մակարդակի վրայ մագլցումի մղելը իսրայէլացիները իրենց տուները վերադարձնելու լաւագոյն ուղին է։ Իսրայէլացիները հիւսիսի մէջ իրենց տուները վերադարձնելու համար պատերազմէն եւ «Հըզպալլա»ի հետ երկրորդ ճակատ բանալէն աւելի լաւ ուղիներ կան»:
Քըրպի յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգները տակաւին կը կարծէ, որ դիւանագիտական լուծումի հասնելու բաւարար ժամանակ ու առիթ կայ, եւ այդ ուղղութեամբ է որ իրենք կ՛աշխատինք շրջանին մէջ զինուորական մագլցումը չի համապատասխաներ Իսրայէլի լաւագոյն շահերուն, որովհետեւ Իսրայէլի եւ Լիբանանի սահմանի երկայնքին աճող լարուածութիւնը յանգեցուցած է լայնածաւալ պատերազմի մտավախութեան: «Չենք կարծեր, որ զինուորական այս տագնապին սրումը կը բխի անոնց շահերէն: Միացեալ Նահանգները այս մասին ուղղակիօրէն ըսած է իսրայէլացի իր գործընկերներուն», ըսաւ Քըրպի: