Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութիւնը Երեքշաբթի օր հաղորդեց, որ իսրայէլեան յարձակումներուն պատճառով ցարդ արձանագրուած են առաւել քան 560 զոհեր եւ մօտաւորապէս 2000 վիրաւորներ: Զոհերուն շուրջ 100ը կիներ եւ մանուկներ են։
«Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի կողմէ փոխադարձ ռմբակոծումները շարունակուեցան Երեքշաբթի օր։ «Հըզպալլա»ի թիրախներէն էին՝ Հայֆայի մէջ իսրայէլեան ռազմարդիւնաբերութեան համալիր մը, հիւսիսային զօրամասի պահեստի կեդրոնատեղին, Գալիլիոյ զօրախումբի պահեստազօրի ռազմակայանը եւ «Ամիտատ» ռազմակայանը:
Հարաւային Լիբանանի եւ Պեքաա հովիտին մէջ թիրախներու կողքին, իսրայէլեան ռմբաձիգները հարուածեցին նաեւ Պէյրութի հարաւային արուարձաններու Պիր Ապըտ շրջանը: Հարուածին թիրախը «Հըզպալլա»ի հրամանատարներէն Մուհամմատ Քուպայսին էր:
Կացութեան կտրուկ վատթարացման լոյսին տակ, Լիբանան հաստատուած ՄԱԿի խաղաղապահ ուժերը իրենց բոլոր քաղաքային պաշտօնեաներուն կոչ ուղղեցին` իրենց ընտանիքներուն հետ Լիթանի գետէն հիւսիս ապահով վայրեր ուղղուելու:
Տասնեակ հազարաւոր քաղաքայիններ արդէն իսկ հեռացած են հարաւային Լիբանանէն: