Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան որոշուածէն աւելի կանուխ հեռացաւ Միացեալ Նահանգներէն, ուր մեկնած էր մասնակցելու ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի 79րդ նստաշրջանի բացումին: Ան նաեւ մերժեց մասնակցիլ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կազմակերպած ընթրիքին:
Անգարա չմասնակցելու պատճառներուն մասին որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն չկատարեց, սակայն թրքական լրատուամիջոցները կը նշեն, որ անիկա հաւանաբար կապ ունի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իսրայէլին ցուցաբերուող աջակցութեան հետ: