Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 12֊ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք․ Տէրտէրեանի օրհնութեամբ, Խաչվերացի տօնին ընդառաջ՝ առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Երեմիա վրդ. Աբգարեան եւ Ս․ Պետրոս Հայց․ եկեղեցւոյ օգնական հովիւ Գէորգ քհնյ․ Աբեան այցելեցին ՀԲԸՄ Մանուկեան եւ Տէմիրճեան վարժարան։ Այցի նպատակն էր վարժարանի սաներին մի անգամ եւս հաղորդակից դարձնել Սուրբ խաչի կենարար տօնի նշանակութեանը եւ խորհուրդին։
Հայր սուրբը եւ տէրը հայրը վարժարանի պատասխանատու ուսուցիչների ուղեկցութեամբ այցելեցին բոլոր դասարանները ու կատարեցին օրհնութեան կարգ եւ մասնաւոր դաս՝ նուիրուած Խաչվերացի տօնին։
Վերջաւորութեանը՝ հոգեւոր հայրերը բարձր գնահատեցին աշակերտներու աշխոյժ մասնակցութիւնը դասին՝ խոստանալով կրկին այցելել վարժարան։
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ