
ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐԵՔ ՀԱՅ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐ ՈՒՆԻ
Յայտնի դարձաւ Ֆրանսայի նոր կառավարութեան կազմը։ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը ուրախ է այս կառավարութեան կազմին մէջ գտնելու Հայաստանի եւ Արցախի բազմաթիւ բարեկամներ, որոնց կը յայտնէ յաջողութեան իր ջերմ մաղթանքները։

Վարչապետ Միշէլ Պարնիէ Հայաստանի ու Արցախի ջերմեռանդ պաշտպան է. ան այցելած է Հայաստան եւ Արցախ Դեկտեմբեր 2021ին՝ 2022ի նախագահական ընտրութեան՝ «Հանրապետականներ»ու թեկնածու Վալերի Փեքրէսի եւ Պրիւնօ Ռըթայոյի հետ, վերահաստատելու հայկական դատին իր աջակցութիւնը։
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը ջերմօրէն կ՛ողջունէ ներքին գործոց նախարար Պրիւնօ Ռըթայոյի մուտքը կառավարութեան մէջ. ան Ծերակոյտին մէջ ջանասիրաբար աշխատած է Հայաստանի ու Արցախի համար: Ան եղած է Ծերակոյտի՝ Արցախի գծով միջազգային տեղեկատուական խումբի նախագահ եւ միշտ զգօնութիւն ցուցաբերած է զգուշացնելու համար Հայաստանի ու Արցախի առջեւ ծառացող վտանգներուն մասին, յատկապէս իր նախաձեռնած միջոցառումներով:
Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՛ողջունէ երեք հայազգի նախարարներու մուտքը, որոնք նուիրուած են Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան։ Անոնք են՝ աշխատանքի նախարար Ասթրիտ Փանոսեան-Պուվէ, հանրային ծառայութեան նախարար Կիյոմ Գասպարեան եւ տնտեսութեան, ելեւմուտքի ու արդիւնաբերութեան նախարար Անթուան Արման։
Հայաստանի եւ Արցախի երեք այլ մեծ բարեկամներ եւս մաս կը կազմեն նոր կառավարութեան. անոնք են՝ ամէնօրեայ ապահովութեան գծով ներքին գործոց նախարարի պատուիրակ Նիքոլա Տարակոն, որ իբրեւ Վալանսի քաղաքապետ, իր քաղաքին մէջ միշտ գործած է ի նպաստ հայկական հարցին, արդարադատութեան նախարար Տիտիէ Միկօ, որ 1990ականներուն եղած է այն առաջին խորհրդարանականներէն, որոնք մտահոգուած էին Արցախի իրավիճակով: Ան նաեւ հանդէս եկած է քանի մը օրէնքներու նախաձեռնութիւններով, որոնք կը նախատեսէին Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին պատժելիութիւնը եւ Պենժամէն Հատտատ՝ Եւրոպայի հարցերու գծով արտաքին գործոց նախարարի պատուիրակը, որ նոյնպէս հայկական ժողովրդավարութեան պաշտպան է։
Հուսկ, Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակը կ՛ողջունէ Սեպասթիէն Լըքոռնիւի՝ զինուած ուժերու նախարարի պաշտօնին վերանշանակումը, Անն Ժենըթէի նշանակումը ազգային կրթութեան եւ Լորան Սեն-Մարթէնի՝ ամավարկի եւ հանրային հաշիւներու գծով վարչապետին կից նախարար նշանակումը. անոնք Հայաստանի ու Արցախի մօտիկ անձնաւորութիւններ են։
«Կրնամ միայն հրճուիլ՝ տեսնելով այս նոր կառավարութիւնը, որ իր կազմին մէջ ունի Հայաստանի եւ Արցախի բազմաթիւ բարեկամներ՝ վարչապետէն սկսած։ Ինծի համար այս վստահութեան լրացուցիչ երաշխիք է իրենց վստահուած առաքելութեան նկատմամբ։ Ազատութեան, ժողովրդավարութեան ու արդարութեան կողմը ընտրած այս անձնաւորութիւնները իսկական հանրապետականներ են։ Անոնց կը յայտնեմ իմ խորին բարեմաղթանքները», կ՛ըսէ Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան շրջանակի նախագահ Ֆրանսուա Փիւփոնի։
ՖՐԱՆՍԱ-ԱՐՑԱԽ ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱԿ