Թուրքիա կարեւոր միջնորդ է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու գծով։ «Էքս»ի իր էջին վրայ այս մասին գրած է Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը` նշելով, որ Թուրքիա կրնայ նպաստել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատմական խաղաղութեան:
Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Հաքան Ֆիտան եւ Անալենա Պերպոք այս ուղղութեամբ յստակ քայլեր քննարկեցին: Անոնք հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ՝ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ: