Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն ողջունեց երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ձեռք բերած յառաջընթացը։ Այս մասին յայտարարեց արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր` նշելով, որ Պլինքըն 26 Սեպտեմբերին հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանի ու Ճէյհուն Պայրամովի հետ:
Ըստ Միլըրի՝ Պլինքըն կոչ ուղղեց երկու երկիրներուն՝ շարունակելու ջանքերը` կարելի եղածին չափ շուտ համաձայնագիրը վերջնականացնելու ուղղութեամբ. ան ընդգծեց, որ խաղաղութեան համաձայնագիրը կայունութիւն եւ զարգացում պիտի բերէ տարածաշրջանին: