Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ ընդունեց Ընկերվար Միջազգայնականի փոխնախագահ եւ Արցախի ժողովուրդի հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան կոմիտեի անդամ Մարիօ Նալպանտեանի այցելութիւնը։
Հանդիպումին մասին X-ի վրայ գրած Ալմակրօ կը յայտնէ, որ Նալպանտեանի հետ քննարկեցին տեղահանուած հայերու Լեռնային Ղարաբաղ վերադարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը, հայ ռազմական եւ քաղաքական գերիներու ազատ արձակումը եւ Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դադրեցումը»։