
20էն 21 Սեպտեմբերին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին կատարած անդրանիկ այցելութեան ընթացքին իր տուած խոստումին համաձայն, ներկայ եղաւ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան միացեալ ջանքերով կազմակերպուած տարեկան քերմէս-պազարին եւ մէկէ աւելի առիթներով խօսք առնելով՝ դրուատեց համահայկական բնոյթ ունեցող եւ եկեղեցւոյ աւանդական 67րդ հասութաբեր ձեռնարկը հանդիսացող նախաձեռնութիւնը եւ այս առիթով շրջանին մէջ հայութեան նկատմամբ բարձրացուած հետաքրքրութիւնը՝ հայ եւ ոչ-հայ քաղաքացիներու կողմէ:
Եկեղեցւոյ մուտքին, առաջնորդը դիմաւորուեցաւ շրջանի հոգեւոր հովիւներ Սմբատ վրդ. Սապունճեանի եւ Արցախ քհնյ. Պատոյեանի, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական վարչութեան անդամ եւ շրջանի Ազգային երեսփոխան Ռոստոմ Այնթապլեանի կողմէ, ապա ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ սրահը, ուր համայնքի ջանասէր նուիրեալները եւ կամաւոր ձեռքերը անցեր էին գործի ու սրահը եւ եկեղեցւոյ շրջափակը վերածեր քերմէս-փառատօն-պազարի՝ համապատասխան խաղերով, վաճառքի դրուած իրերով, հայ տանտիկիններու ձեռամբ պատրաստուած համադամ ուտելիքներով ու քաղցրաւենիներով, նաեւ հայկականութիւն բուրող միութիւններու, կազմակերպութիւններու եւ կառոյցներու ձեռային աշխատանքներով եւ խորհրդանշական իմաստ ունեցող հոգեւոր, ազգային ու մշակութային զանազան տեսակի զարդեղէններու եւ լուսանկարներու ցուցադրութեամբ:
Երկու օրերու ընթացքին սրբազանը շփուեցաւ Սան Ֆրանսիսքոյի հայութեան զանազան շերտերու հետ՝ մանուկէն մինչեւ տարեցներ, գործարար մարդիկ, աշակերտներ, ծնողներ եւ ոչ-հայ այցելուներ, որոնք ուրախութեամբ եկած էին մասնակցելու քերմէսին եւ խանդավառութեամբ լեցուած՝ կը համտեսէին հայկական ուտեստներ եւ կը ծանօթանային հայ մշակոյթի զանազան երեսներուն:
Առաջնորդը այս առիթով արտասանած իր խօսքերէն մէկուն ընթացքին նշեց, որ համայնք մը կանգուն կը մնայ եւ իր ազգային դիմագիծը անբիծ կը պահէ, մէկ կողմէ իր նախորդներուն ստեղծած հոգեւոր, ազգային եւ ժողովրդային աւանդութիւնները շարունակելով, իսկ միւս կողմէ՝ ժամանակի շունչն ու պատանի եւ երիտասարդ նոր սերունդներու պատկերացումները, հնարամտութիւնը եւ աշխատանքային ոգին իբրեւ ներդրում աւելցնելով գոյութիւն ունեցածին վրայ: Ան նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց շրջանի վաստակաշատ ղեկավարներէն Ռոստոմ Այնթապլեանի, Հոգաբարձութեան կազմին՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Մատթէոս Սենեքերիմեանի, Տիկնանց միութեան՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի Անահիտ Չաքալեանի եւ անդամներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի Ազգային Գռուզեան-Զաքարեան-Վասպուրական վարժարանի ուսուցչական կազմին, աշակերտութեան, ծնողներուն եւ աշխատող ձեռքերուն, գլխաւորութեամբ տնօրէնուհի Կրէյս Անտոնեանի:
Յայտնենք, որ շաբաթավերջ մը տեւող եւ ժողովրդային խանդավառութեամբ յատկանշուող եկեղեցւոյ ամէնամեայ քերմէս-փառատօնին այս տարի ներկայ եղան առաւել քան եօթը հազար այցելուներ, որոնց շարքին՝ Քալիֆորնիոյ ընդհանուր դատախազ Ռապ Պոնթա, որ առ ի գնահատանք յաջողապէս կազմակերպուած քերմէսին, յատուկ յուշագիր մը փոխանցեց եկեղեցւոյ հովիւին: