Լիբանանի Հայ Երեսփոխանական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, Ուրբաթ, 27 Սեպտեմբերին, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական եւ ընկերային-բժշկական կառոյցներու ու կեդրոններու պատասխանատուներու եւ ներկայացուցիչներու հանդիպում ը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:
Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը:
Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին վերաբերող ընկերային եւ ճգնաժամերու պատճառով համայնքին դիմագրաւած հարցերը:
Որոշուեցաւ, որ բարեսիրական կեդրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս լարելով՝ օժանդակեն լիբանանցի մեր համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն եւ իրականացնեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ:
Այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ, ԼՕԽի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, ԼՕԽի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերային-բժշկական կեդրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան, «Ճինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան, «Գարակէօզեան» հաստատութենէն Գրիգոր Այնէլեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան եւ հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան: