
ՌՈՒՍԻՈՅ ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ԵԱՏՄ-Ի ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԸՆԴԼԱՅՆԵԼԸ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՆԿԱՏԵՑ
Երեւանի մէջ տեղի ունեցող ԵԱՏՄի (Եւրասիական տնտեսական միութեան) միջկառավարական նիստին ընթացքին Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթին յայտնեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութիւնը փոխշահաւէտ գործընկերութեան կը հրաւիրէ բոլոր անոնք, որոնք կը կիսեն միութեան արժէքները՝ շեշտելով, որ իրենք պատրաստ են փոխշահաւէտ եւ իրաւահաւասար գործընկերութեան։
Ան նշեց, որ կը շարունակուի ԵԱՏՄի արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը Չինաստանի հետ եւ կ՛իրականացուին Վիեթնամի, Իրանի ու Սերպիոյ հետ ազատ առեւտուրի համաձայնագիրները:
Միշուսթին նաեւ յայտարարեց, որ այս տարի բանակցութիւններ տեղի ունեցած են Մոնկոլիոյ հետ ժամանակաւոր առեւտրական համաձայնագիր կնքելու շուրջ, իսկ այժմ կը մշակուին Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Ինտոնեզիոյ հետ պայմանաւորուածութիւնները: Ըստ անոր՝ այս բոլորը պիտի նպաստեն միջազգային ասպարէզին մէջ Եւրասիական տնտեսական միութեան դերակատարութեան բարձրացման, պիտի օգնեն յառաջ մղելու Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութիւնը ` Եւրասիական մեծ գործընկերութիւն ձեւաւորելու գծով։
Միշուսթին նաեւ յայտնեց, որ պարէնային ապահովութեան ամրապնդումը կը մնայ Եւրասիական տնտեսական միութեան առաջնահերթութիւնը՝ ընդգծելով, որ միութեան մէջ մտնող երկիրներուն բնակիչները պէտք է որակեալ ուտելիքէ օգտուելու կարելիութիւնը ունենան:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներգրաւուածութիւնը ԵԱՏՄի հետ համագործակցութեան մէջ կ՛ընդլայնէ տնտեսական փոխգործակցութեան կարելիութիւնները եւ կը վայելէ Հայաստանի ամբողջական աջակցութիւնը:

Ան նաեւ յայտնեց, որ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման պարագային, Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է բոլորովին երաշխաւորելու իր տարածքով բեռներու, երթեւեկի միջոցներու եւ մարդոց ապահովութիւնը։
«Բեռների փոխադրման ժամկէտների կրճատման, Ասիայի եւ Եւրոպայի, Հիւսիսի եւ Հարաւի միջեւ այլընտրանքային տրանսպորտային (փոխադրութեան) նոր հաղորդակցութիւնների որոնման տեսանկիւնից ցանկանում եմ եւս մէկ անգամ շեշտը դնել Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագծի վրայ: Նախագծի նպատակն է բոլոր շահագրգիռ պետութիւնների միջեւ առեւտրատնտեսական կապերի զարգացման համար առաւել բարենպաստ պայմանների ձեւաւորումը, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի լոգիստիկ (մթերման եւ փոխադրութեան կազմակերպման) ներուժի զգալի աւելացումը` երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգանքի, իրաւահաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքների հիման վրայ: Հայաստանի Հանրապետութիւնը պատրաստ է լիովին ապահովել իր տարածքով բեռների, տրանսպորտային միջոցների եւ մարդկանց անցման անվտանգութիւնը», ընդգծեց Փաշինեան։
Ան անդրադարձաւ այն պնդումներուն, որ՝ իբր թէ Հայաստան տեղ մը, փաստաթուղթով մը համաձայնած է, որ երրորդ երկիրները երաշխաւորեն հաղորդակցութիւններու ապահովութիւնը իր տարածքին մէջ: Փաշինեան ընդգծեց, որ այդ պնդումները պարզապէս իրականութեան խեղաթիւրում են:
«Երբեք նման բան չի եղել, եւ դա նոյնպէս իրականութեան ակնյայտ խեղաթիւրում է: Հայաստանի յանձնառութիւնն է երաշխաւորել բեռների, տրանսպորտային միջոցների եւ մարդկանց անվտանգութիւնն իր տարածքում, եւ մենք դա երաշխաւորում ենք», նշեց ան։
Խօսք առաւ նաեւ Իրանի առաջին փոխնախագահ Մոհամէտ Ռեզա Արեֆ, որ շեշտեց, թէ Իրան միշտ ապացուցած է, որ վստահելի գործընկեր է կովկասեան տարածաշրջանին մէջ եւ միշտ կը ձգտի խորացնել քաղաքական ու յատկապէս տնտեսական կապերը գործընկեր պետութիւններուն հետ՝ թէ՛ երկկողմ եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով:
Ան դիտել տուաւ, որ տնտեսութիւններու կայուն զարգացումը հնարաւոր է տարածաշրջանի երկիրներու կառուցողական համագործակցութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ այնպիսի կառոյցներու միջոցով, ինչպէս՝ ԵԱՏՄն է, որ էական դերակատարութիւն ունի այդ համագործակցութեան իրականացման մէջ։
«Յոյս ունինք, որ պիտի ստեղծուին նախադրեալներ, որպէսզի կարելի եղածին չափ շուտ Իրանին շնորհուի կազմակերպութեան դիտորդ անդամի կարգավիճակ, առ այդ, այդ հարցով կ՛ակնկալենք անդամ երկիրներու աջակցութիւնը: ԵԱՏՄը կրնայ օգտագործել Իրանի ներուժը` աւելի մեծ եւ ընդգրկուն շուկաներու բացուելու նպատակով՝ Պարսկական ծոցի, արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան Ասիոյ: Իրան կ՛ողջունէ ԵԱՏՄի անդամ երկիրներուն պատրաստակամութիւնը` օգտագործելու մեր տարածաշրջանի ներուժը, որուն նպատակն է՝ փոխգործակցութեան միջոցով ներկայ կարելիութիւններու հետագայ ընդլայնումը: Իրանի նաւահանգիստները Պարսից ծոցի եւ Օմանի ծովին մէջ կրնան հիմնական հարթակներ ըլլալ առեւտրական-տնտեսական կապերու համար: Իրանի հարաւային նաւահանգիստները կրնան տարեկան 210 միլիոն թոն բեռ փոխադրել, եւ այդ թիւը աստիճանաբար կ՛աճի: Իրան պատրաստ է ԵԱՏՄի երկիրներուն հետ սերտ համագործակցութեամբ հաստատել առեւտրական կեդրոններ եւ տրամադրել արտօնութիւններ իր հարաւային եւ հիւսիսային նաւահանգիստներու շահագործման եւ զարգացման համար», ըսաւ Արեֆ:
Ըստ անոր՝ համաշխարհային տնտեսութիւնը միշտ եղած է համագործակցութեան եւ փորձի փոխանակման ասպարէզ բոլոր երկիրներուն միջեւ, բայց այսօր Իրանի դէմ կիրարկուող միջազգային պատժամիջոցները բացասական ազդեցութիւն ունեցած են նաեւ ԵԱՏՄ երկիրներուն հետ փոխգործակցութեան վրայ: