Զանգուածային ոչնչացման զէնքի (ԶՈԶ) դէմ պայքարի ծիրին մէջ, Հայաստանի պետական կառավարման համակարգի` ոլորտի իրաւասու մարմիններուն մասնակցութեամբ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցան դաշտային վարժութիւններ: Անիկա իրականացաւ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան վտանգներու նուազեցման գործակալութեան հետ համատեղ եւ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին համակարգումով:
Ըստ Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան՝ վարժութիւնները կը միտին դիտարկել քիմիական, կենսաբանական, ճառագայթային եւ միջուկային (ՔԿՃՄ) վտանգներու տարածման դէմ Հայաստանի կարողութիւնները եւ արձագանգման գործիքակազմերը: Կը նշուի, որ ասիկա աննախընթաց էր Հայաստանի համար թէ՛ ընդգրկուած կառոյցներու քանակով եւ թէ ընդգրկման աշխարհագրութեամբ:
Վարժութիւններուն ներգրաւուած են ՔԿՃՄի ուղղութիւններով արձագանգման համար պատասխանատու պետական կառավարման համակարգի 10 մարմիններ: Բեմադրուած էին ՔԿՃՄի գործօններով պայմանաւորուած արտակարգ իրավիճակներու կանխարգիլման, ինչպէս նաեւ այդ իրավիճակներուն արձագանգելու կարողութիւններու գնահատման վերաբերող 6 տարբեր բեմագրութիւններ: Ընդ որում` որոշ բեմագրութիւններ գործադրուեցան իրական պայմաններու մէջ, իսկ միւսները ունէին նմանակող բնոյթ:
Վարժութիւններու հիման վրայ կատարուած վերլուծութիւնը կարելիութիւն պիտի տայ համակողմանիօրէն գնահատելու ՔԿՃՄի միջադէպերուն արձագանգման հետ առնչութիւն ունեցող իրավիճակը, բացայայտել ուժեղ եւ թոյլ կողմերը, եւ իբրեւ վերջնանպատակ` իրականացնել ՔԿՃՄի միջադէպերուն Հայաստանի արձագանգման կարողութիւններու հզօրացումը: