Իսրայէլեան օդուժը Երկուշաբթի օր բուռն յարձակումներ կատարեց հարաւային Լիբանանի Սուր քաղաքին եւ անոր մօտակայ տասնեակ մը գիւղերու վրայ՝ սպաննելով տասնեակներով քաղաքացիներ, ներառեալ 10 հրշէջներ, որոնք հրդեհ մը մարելու համար իրենց կեդրոնէն դուրս ելլելու կը պատրաստուէին։
Իսրայէլ մէկ օր առաջ տասնեակներով բուռն յարձակումներ կատարեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն վրայ, իսկ «Հըզպալլա»ն շարունակեց թիրախ դարձնել իսրայէլեան քաղաքներ եւ զինուորական դիրքեր, նախ՝ Հայֆան, Խտէյրան եւ Քարմելը, ինչպէս նաեւ դէմ դրաւ իսրայէլեան ուժերու հարաւային Լիբանան ներթափանցելու փորձերուն:
Հարաւային արուարձաններու վրայ իսրայէլեան յարձակումները թիրախ դարձուցին Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ գտնուող վառելանիւթի «Թոթալ» կայարանը, Ղպէյրիի շրջանի Պըրժաուի թաղին մէջ շէնք մը, ինչպէս նաեւ մօտակայ շրջանները:
Իսրայէլեան բանակը պնդեց, որ թիրախ դարձուց Պէյրութի շրջանին մէջ «Հըզպալլա»յի մարտական միջոցներ եւ զինուորական ենթակառոյցներ:
Իսրայէլ հաստատեց, թէ Հըզպալլա»յի ռմբակոծումներուն պատճառով, Հայֆայի մէջ նիւթական վնասներ արձանագրուած են եւ 9 անձեր վիրաւորուած են:
«Հըզպալլա»ն յայտարարեց, որ Լիբանանի դէմ ցամաքային զինուորական գործողութեան սկսելէն ի վեր իսրայէլեան յատուկ ուժերէն սպաննած է առաւել քան 25 սպաներ եւ զինուորներ եւ վիրաւորած առաւել քան 130 ուրիշներ: