Չինաստանի պատմական Մեծ Պատի Մուտիանիւ հատուածին մէջ, 2 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հայաստանի «Հայկական մշակութային օրեր» ցուցադրութիւններու շարքի բացման պաշտօնական արարողութիւնը, կը տեղեկացնէ Հայ-չինական գործընկերութեան կեդրոնը, աւելցնելով, որ յառաջիկայ մէկ տարուան ընթացքին Չինաստանի զանազան քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենան հայկական մշակոյթին նուիրուած այլ ցուցադրութիւններ։
Ցուցադրութիւնը կազմակերպած են նշեալ կենդրոնը եւ շրջանի զբօսաշրջութեան ընկերութիւնը՝ Չինաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան եւ չինական Global Times թերթին աջակցութեամբ։
Ցուցադրութեան բացման ներկայ էին պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, լրատուամիջոցներ, այցելուներ եւ Հայաստանի հիւպատոս Միսաք Բալայեան: Բացման ընթացքին ներկայացուեցան հայկական երգ եւ երաժշտութիւն՝ աւանդական հայկական տարազներով:
Առաջին անգամն է որ հայկական մշակոյթը կը ներկայացուի հանրայայտ Մեծ Պատի տարածքին մէջ եւ զբօսաշրջիկները ընդարձակ տաղաւարին մէջ պիտի ծանօթանան հայկական մշակոյթին, արուեստին, զբօսաշրջութեան գրաւչութեան։ Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ գեղանկարիչներու ստեղծագործութիւններ, հայկական յուշանուէրներ, գորգարուեստի նմուշներ, հայկական զբօսաշրջութեան եւ գինեգործական ընկերութիւնները եւ հայկական ապրանքները:
