Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով յայտնեց, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ երկու երկկողմ հանդիպումներ պիտի ունենայ։
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին հաղորդեց «Թասս»ը, նաեւ յայտնեց, որ նշեալ հանդիպումները պիտի իրականան նախքան 8 Հոկտեմբերին տեղի ունենալիք ԱՊՀի վեհաժողովը։
«Պիտի քննարկուին Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերը. Ռուսիա այստեղ աշխոյժ դրական դերակատարութիւն կը խաղայ», յայտնեց Ուշաքով։
Մինչ այդ, 7 Հոկտեմբերին, Փաշինեան Փութինի տարեդարձին առիթով, շնորհաւորական ուղերձ յղեց:
«Ընդունէք անկեղծ շնորհաւորանքներս եւ լաւագոյն բարեմաղթանքներս՝ ձեր ծննդեան օրուայ առիթով։ Կարծում ենք, որ այս փուլում առանձնայատուկ շեշտւում է Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ռուսաստանի Դաշնութեան միջեւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան ամրապնդմանն ուղղուած հետեւողական գործունէութեան անհրաժեշտութիւնը՝ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներում։ Ակնկալում եմ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ փոխշահաւէտ փոխգործակցութեան համատեղ ակտիւացում (աշխուժացում), ինչպէս նաեւ փոխըմբռնման, վստահութեան եւ մեր պետութիւնների շահերը հաշուի առնելու վրայ հիմնուած բազմաշերտ երկխօսութեան զարգացում։ Մաղթում եմ ձեզ, յարգելի Վլադիմիր Վլադիմիրի, առողջութիւն, յաջողութիւններ եւ ամենայն բարիք», կ՛ըսուի Փաշինեանի՝ վերոնշեալ ուղերձին մէջ։