Միացեալ Նահանգները եւ Արեւմուտքը կը փորձեն Հարաւային Կովկաս «սողոսկել» ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի նախապատրաստութեան գործընթացին միջոցով։ Այս մասին յայտարարեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով:
«Միացեալ Նահանգները եւ շարք մը այլ արեւմտեան երկիրներ կը փորձեն խաղաղութեան պայմանագիրի աշխատանքներուն միանալ։ Մենք կը կարծենք, թէ ամբողջ սեւագիր աշխատանքները կատարուած են Մոսկուայի մէջ, եւ այժմ արեւմուտքցիները պարզապէս կ՛ուզեն սողոսկել բանակցային գործընթացին մէջ եւ այդպիսով՝ սողոսկել տարածաշրջանային հարցերու ու բուն տարածաշրջանին մէջ», յայտնեց Ուշաքով։
Ան պնդեց, որ բանակցող բոլոր կողմերը չէ, որ կ՛ողջունեն Արեւմուտքի դերը եւ այս գործընթացին միջամտելու փորձերը։ Ան նաեւ պնդեց, որ Հայաստանի մէջ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան գործունէութիւնը «ողջունելի չէ»։
Ուշաքով նաեւ դիտել տուաւ, որ Պաքուի ու Երեւանի միջեւ հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ Մոսկուա կը մեկնի անկէ, որ անոր համար հիմք կը հանդիսանան Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուած եռակողմ համաձայնագիրները։