
ԱԼԻՆ ՊԶՏԻԿԵԱՆ ՇԻՐԱՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, զանազան երկիրներու մէջ մարդիկ կը վայելեն ոսկիէ աշունը իր գոյնզգոյն տերեւներով ու տերեւաթափով։ Սակայն հայ ժողովուրդը այս եղանակին կը նշէ նաեւ Ս. Թարգմանչաց տօնը եւ հայ աշակերտութիւնը հայկական վարժարաններէն ներս կը տօնէ Հայ մշակոյթի ամիսը, կը ծանօթանայ մեր ազգային եւ մշակութային արժէգներուն։
Աշակերտները կը սորվին յատկապէս, որ Մեսրոպ Մաշտոց ո՛չ միայն ստեղծած է հայերէնի տառերը եւ եղած է հայերէնի առաջին ուսուցիչը, այլ նաեւ եղած է հերոս մը եւ Հայ եկեղեցին զինք դասած է սուրբերու շարքին։
Տառերու գիւտէն աւելի քան 1600 տարիներ ետք, մենք կը շարունակենք տօնել Ս. Թարգմանչաց տօնը Հոկտեմբերի երկրորդ Շաբաթ օրը։


Այբուբենի 36 տառերը կամ «զինուորներ»ը հնարած Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է Տարօն գաւառի Հացեկաց գիւղին մէջ, 361 կամ 362 թուականին։ Ան մահացած է Վաղարշապատի մէջ՝ 440ին, եւ թաղուած է Օշականի մէջ։
Հացեկաց գիւղը նշանաւոր եղած է իր ընտիր ալիւրով եւ իր լաւաշով։ Կը պատմուի, թէ Մաշտոց, երբ ստեղծեց հայերէնի 36 տառերը, հացեկացիք 36 լաւաշ թխած են եւ ղրկած են Մաշտոցին, որպէս շնորհակալութիւն։
Մաշտոցի առաջին աշակերտներէն Կորիւնը նկարագրած է Մաշտոցին ցոյց տրուած ջերմ ընդունելութեան տեսարանները Այբուբենի ստեղծումէն ետք։ Ան կը պատմէ, թէ երբ Մաշտոց մօտեցած է թագաւորական քաղաք Վաղարշապատին, Վռամշապուհ արքան ու կաթողիկոս Սահակ Պարթեւը նախարարներով եւ մեծ բազմութեամբ քաղաքէն դուրս եկած են դիմաւորելու զինք, Երասխ գետի ափին: Անոնք հոգեւոր երգերով ու բարձրագոյն օրհնութիւններով եւ տօնական մթնոլորտով անցուցած են յաջորդող օրերը:
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ» (աշխարհաբար՝ Ճանաչել իմաստութիւնը եւ խրատը, իմանալ հանճարին խօսքերը) գրած է Մեսրոպ Մաշտոց, երբ հայերէն գիրերու գիւտէն ետք սկսած է թարգմանել Սողոմոնի առակները։ Այս է հայերէնի թարգմանուած առաջին նախադասութիւնը։
Այս է հիմնաքարը մեր Ոսկեդարին։
Ամէնէն առաջ թարգմանելով Սողոմոնին առակները, Մաշտոց փափաքած է իր ժողովուրդին տալ գիրք մը, որն իր ոճով եւ լեզուով մատչելի է անոնց համար։ Այս առակներուն մէջ Մաշտոց գտած է կարեւոր դաստիարակչական նիւթեր ոչ միայն չափահասներու, այլ նաեւ մանուկներու համար։
Ըստ Կորիւնի, մինչ Ս. Գիրքը ունի կրօնական բնոյթ եւ բովանդակութիւն, Սողոմոնի առակները ունին աւելի աշխարհիկ բովանդակութիւն, այդ պատճառով ալ Մաշտոց նախապատուութիւնը տուած է վերջինիս։
Մեր պատմիչը կը հաւատայ, որ քրիստոնեայ բոլոր ժողովուրդները պէտք է ունենան մէկ նպատակ՝ համերաշխութիւն, միասնութիւն, սէր եւ ձգտում բարիին ծառայելու։ Կորիւն գիտակցած է, որ լեզուն իւրաքանչիւր ժողովուրդ միաւորողն է։ Այդ օրերուն երկրին ու ժողովուրդին արհաւիրքներ կը սպասուէր, հայ պետականութիւնը հոգեվարք կ՛ապրէր, Պարսկաստանն ու Բիւզանդիոնը կը վարէին ձուլման քաղաքականութիւն։
«Մեսրոպ Մաշտոցի ստեղծած տառերը փրկեցին հայոց լեզուն եւ մշակոյթը բիւզանդական խառնարանէն… Հայերը փրկեցին իրենց ինքնութիւնը, մշակոյթը եւ ոգին», ըսած է Աւետիք Իսահակեան։
Ծանօթ է, որ 2005ին, այբուբենի ստեղծման 1600ամեակի առիթով, Հայաստանի Արագածոտնի մէջ կառուցուեցաւ այբուբենի քարէ արձաններու համալիրը՝ «Տառերու Պուրակ» անուանումով։
Մեսրոպ Մաշտոց մեր հայ ինքնութիւնը փրկող հերոս մը։ Այժմ իր ջահը յանձնուած է հայ ծնողքին, ազգային եւ մշակոյթի ոլորտի գործիչներուն եւ հայ դպրոցներուն, որ շարունակեն Մաշտոցի առաքելութիւնը։
Յաջողութիւն բոլորին յաղթահարելու այս դժուարին առաքելութիւնը Սփիւռքի տարածքին։
Յոյսով եմ, որ նոյնիսկ հերթական «տերեւաթափ»ներէ ետք, դարձեալ կը տեսնենք «զարթօնք»ներ, ինչպէս մեր բնութիւնը։