ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արուեստագէտ Հրաչեայ Հայենցի ստեղծագործութիւններուն անդրանիկ անհատական ցուցահանդէսը տեղի պիտի ունենայ Կլենտէյլի «Ֆորեսթ Լոն»ի թանգարանին մէջ։
Կիրպոս ծնած Հրաչեայ Հայենց հասակ նետած է Խորհրդային Հայաստանի մէջ, իսկ 1980ին հաստատուած է Միացեալ Նահանգներ, ուր ծանօթացած է արուեստի վերացական արտայայտչական դպրոցին եւ անոր շնորհած ազատութեան։
«Յիշատակ եւ շարժում» խորագրուած ցուցահանդէսին պաշտօնական բացումը տեղի պիտի ունենայ 23 Հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 5էն 7։30ին, իսկ ցուցահանդէսը պիտի շարունակուի մինչեւ 12 Յունուար։ Բացումին մասնակցելու համար դիմել museum@forestlawn.com հասցէին կամ (323) 340-4782 թիւին։
Թանգարանը, որուն հասցէն է՝ 1712 S. Glendale Blvd., Glendale, CA 91205, բաց է Երեքշաբթիէն Կիրակի, առաւօտեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5։