Tesla-ի, SpaceX-ի եւ OpenAI-ի տէրը՝ Իլան Մասք յատուկ ուղերձ մը յղեց Երեւանի մէջ տեղի ունեցող Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու համաշխարհային քոնկրեսին (WCIT2024) մասնակցողներուն:
Ուղերձը փոխանցեց Viki, Pixel Labs, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ ֆութպոլիստ Լիոնել Մեսիին պատկանող Play Time Ventures ներդրումային ընկերութեան գործադիր տնօրէն, Սիլիքոն հովիտի ձեռնարկատէր Ռազմիկ Յովակիմեան:
«Կ՛ողջունեմ բոլորդ: Կը ցաւիմ, որ այս անգամ չկրցայ Երեւան գտնուիլ, բայց յոյս ունիմ, որ յաջորդ անգամ անձամբ ներկայ կ՛ըլլամ։ Ոգեւորուած եմ Starlink-ը Հայաստան բերելու եւ տեղւոյն արհեստագիտական համայնքին հետ հիանալի նախագիծեր իրականացնելու գաղափարով` տիեզերքի ուսումնասիրութիւններէն մինչեւ բաց եւ թափանցիկ Արհեստական բանականութեան զարգացում, որ ալ աւելի պիտի ընդարձակէ մարդկային ճանաչողութեան սահմանները», կ՛ըսէ Մասք իր ուղերձին մէջ:
Հայաստան երկրորդ անգամն ըլլալով կը հիւրընկալէ WCIT-ը, որուն առաջինը տեղի ունեցաւ 2019ին: WCIT2024-ը տեղի ունեցաւ 4էն 7 Հոկտեմբերին, Երեւանի Կարէն Դեմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ՝ «ՄՏՔԻ ՈՒԺԸ. Արհեստական բանականութիւն՝ սահմաններից այն կողմ՝ էթիկայի (բարոյագիտութեան) շրջանակներում» խորագիրով: