ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 2023ին, «Համաս»ի, «Հըզպալլա»ի եւ Իսրայէլի միջեւ բռնկած հակամարտութիւնը ցնցեց միջազգային հանրութիւնը՝ հետեւանքներ ունենալով Միջին Արեւելքէն շատ անդին:
Հայաստանի պէս բարդ աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրներ ունեցող երկրի մը համար այս պատերազմը կարեւոր դասեր կը պարունակէ: Իբրեւ հակամարտութիւններով եւ գերիշխանութեան պայքարներով յատկանշուող պատմութիւն ունեցող երկիր մը՝ հայ քաղաքական միտքը կարեւոր դասեր կրնայ քաղել Լեւանտի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն՝ արաբ-իսրայէլեան պատերազմէն մէկ տարի ետք, մանաւանդ որ 2020ի աղէտալի պատերազմին մասին իր սեփական յանձնաժողովները նշանակալի բարեփոխումներու չեն առաջնորդած բանակին կամ երկրի պաշտպանական վարդապետութեան (doctrine) մէջ:
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՆԱԿՆԿԱԼ
«Համաս»ի 7 Հոկտեմբերի յարձակումները բոլորովին անակնկալ էին, մանաւանդ երբ զայն համեմատենք Ուքրանիոյ դէմ Ռուսիոյ ներխուժումին նախորդող ամերիկեան հետախուզական նախազգուշացումներուն հետ: Աւանդական կարողութիւնները յայտնաբերելու վրայ կեդրոնացած ժամանակակից հետախուզական գործակալութիւնները պատրաստ չէին յայտնաբերելու «Համաս»ի ստորգետնեայ զէնքի գործարանները եւ զօրքերու տեղաշարժները: Ասիկա կարեւոր կը դարձնէ Հայաստանի համար զարգացնելը հետախուզական կարողութիւնները, որոնք կրնան բացայայտել ոչ-աւանդական սպառնալիքները եւ կանխատեսել հնարաւոր հակառակորդներու նորարարական մարտավարութիւնները:
ԹԵՐԱԳՆԱՀԱՏՈՒՄԻՆ ՎՏԱՆԳԸ
Հակամարտութենէն քաղուած ամէնէն ցայտուն դասերէն մէկը հակառակորդները թերագնահատելու վտանգն էր: Իսրայէլ սխալ գնահատեց «Համաս»ի կարողութիւնները եւ մտադրութիւնները, որոնք յանգեցուցին 7 Հոկտեմբերի աղէտալի յարձակումին: Նոյնպէս, «Հըզպալլա»ն թերագնահատեց Իսրայէլի վճռականութիւնը եւ գերագնահատեց Իրանի՝ իրեն արդիւնաւէտօրէն աջակցելու կարողութիւնը: Հայ քաղաքական գործիչներուն համար ասիկա կարեւոր է թէ՛ հակառակորդները եւ թէ դաշնակիցները շարունակաբար եւ առարկայական մօտեցումով վերագնահատելու կարեւորութիւնը: Հայաստան պէտք է խուսափի ինքնագոհութենէն եւ կանոնաւորապէս թարմացնէ իր ռազմավարական գնահատականները:
ԳԱՂԱՓԱՐԱԽՕՍԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ
Աշխարհը ականատես դարձաւ դիմադրութեան շարժումներու առաջնորդներուն՝ իրենց դատին համար ծայրայեղ զոհողութիւններ կատարելու պատրաստ ըլլալուն: Յանձնառութեան այս մակարդակը կրնայ հզօր ուժ դառնալ հակամարտութեան իրավիճակներու մէջ: Հայաստանի համար տարածաշրջանային վէճերու մէջ գաղափարախօսական դրդապատճառներու խորութիւնը հասկնալը կարեւոր է: Հայ առաջնորդները պէտք է իրենք օրինակ ըլլան՝ ճանչնալով եւ անդրադառնալով հակամարտութիւններ սնուցանող հիմնական բողոքներուն եւ համոզումներուն:
ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ ՆԱԽԱՊԱՏՐԱՍՏՈՒԹԻՒՆԸ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ՄԷՋ
Արաբ-իսրայէլական ընթացող պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս երդուեալ թշնամիներու միջեւ հակամարտութիւնները կրնան տասնամեակներու նախապատրաստութիւն պահանջել: Թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ «Համաս»ը եւ «Հըզպալլա»ն տարիներ անցուցած էին ռազմավարութիւններ մշակելով, հետախուզական տեղեկութիւններ հաւաքելով եւ ռազմական կարողութիւններ կառուցելով: Հայաստանի համար ասիկա իբրեւ օրինակ՝ կարեւոր կը դարձնէ ազգային պաշտպանութեան եւ ռազմավարական ծրագրաւորման մէջ երկարաժամկէտ, կայուն ներդրումներու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ ռազմական պատրաստուածութիւնը, դիւանագիտական, տնտեսական եւ կիպեռապահովութեան միջոցառումները:
ԱՐՀԵՍՏԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՎՃՌՈՐՈՇ ԴԵՐԸ ԱՐԴԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ
Հակամարտութիւնը ցոյց տուաւ 21րդ դարու պատերազմներուն մէջ արհեստագիտութեան վճռորոշ դերը: Երկու կողմերն ալ օգտագործեցին յառաջացած արհեստագիտութիւններ՝ մարտավարական եւ ռազմավարական առաւելութիւններ ձեռք բերելու համար: Հայաստանի համար ասիկա կը շեշտէ ժամանակակից ռազմական արհեստագիտութիւններու մէջ ներդրումներ կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ներառեալ անօդաչու թռչող սարքերը/հակաանօդաչու համակարգերը, կիպեռ կարողութիւնները եւ յառաջացած հաղորդակցութեան համակարգերը: Առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ զարգացնել տեղական արհեստագիտական արդիւնաբերութիւն մը, որ կրնայ աջակցիլ պաշտպանութեան կարիքներուն:
ՄԱՐՏԱԴԱՇՏԻՆ ՅԱՐՄԱՐԵԼՈՒ ԿԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Հակամարտութեան իւրաքանչիւր կողմ ուսումնասիրեց եւ յարմարեցաւ իր մարտադաշտի իւրայատուկ բնութագրութիւններուն: Գլխաւոր դասերէն մէկը կը կեդրոնանայ թերզինուած ոչ-պետական դերակատարներու համար փապուղիներու (tunnels) պատերազմի կարեւորութեան վրայ: «Համաս»ի փապուղիներու ընդարձակ ցանցը Կազայի մէջ թոյլ տուաւ անոր ցրուելու ուժերը եւ շարժիլ մարտադաշտին մէջ՝ երկարաձգելով իր դիմադրութիւնը Իսրայէլի գերակշիռ կրակի ուժին դէմ: Հայաստան պէտք է սորվի ասորմէ՝ շարունակաբար գնահատելով իր ռազմավարական մարտադաշտի միջավայրը եւ մշակելով նորարարական լուծումներ ապահովական հնարաւոր մարտահրաւէրներուն դիմաց:
ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՇԱՐՄԱՆ ՄԷՋ
Հակամարտութիւնը բացայայտեց «Համաս»ի յատկանշական կարողութիւնը՝ պաշարման տակ պահպանելու իր գործողութիւնները, ինչ որ կարեւոր դասեր կը պարունակէ Հայաստանի համար: «Համաս»ը ցուցադրեց նորարարական կայունութեան ռազմավարութիւններ, ներառեալ՝ չպայթած զինամթերքի վերամշակումը եւ մարտադաշտերէն պաշարներ հաւաքելը: Հայաստանի համար ասիկա օրինակ է՝ դիմացկուն եւ յարմարող մատակարարման շղթաներու զարգացման ու ոչ-աւանդական միջոցներու օգտագործման մեթոտներ նկատի ունենալու կարեւորութեան:
ՀԵՏԱԽՈՒԶՈՒԹԵԱՆ ՎՃՌՈՐՈՇ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Պատերազմը ընդգծեց հետախուզական տեղեկութիւններու հաւաքման եւ գործողութիւններու վճռորոշ դերը: «Համաս»ի 7 Հոկտեմբերի յարձակումը Իսրայէլի համար հսկայական հետախուզական ձախողութիւն մըն էր, մինչդեռ Իսրայէլի յաջորդող գործողութիւնները ցոյց տուին արդիւնաւէտ հետախուզութեան ուժը: Հայաստանի համար ասիկա կարեւոր կը դարձնէ իր հետախուզական կարողութիւնները զգալիօրէն բարելաւելու անհրաժեշտութիւնը՝ թէ՛ պաշտպանութեան եւ թէ ռազմավարական որոշումներ տալու համար:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔԻ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐԸ
Հակառակ Միջազգային Քրէական դատարանի որոշումներուն եւ համաշխարհային բողոքներուն, աշխարհաքաղաքական շահերը մեծապէս գերակշռեցին հնարաւոր պատերազմական յանցագործութիւններու մասին մտահոգութիւնները: Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայկական լոպիին համար ասիկա յիշեցում է, որ միջազգային իրաւունքը եւ հասարակական կարծիքը միշտ չէ որ կը վերածուին յստակ գործողութեան կամ աջակցութեան: Հայկական դիւանագիտութիւնը պէտք է բազմակողմանի ըլլայ՝ միջազգային կառոյցներու հետ յարաբերելու ընթացքին կեդրոնանալով երկկողմ յարաբերութիւններու եւ իրապաշտ նկատառումներու վրայ:
ԱՇԽԱՐՀԱՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑԿՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ
Հակամարտութիւնը ցոյց տուաւ, որ հաստատուած աշխարհաքաղաքական շահերը յաճախ կը գերակշռեն հասարակական կարծիքը եւ բողոքները: Հայաստանի համար ասիկա կարեւոր կը դարձնէ իր ռազմավարական նպատակները տարածաշրջանային եւ գերտէրութիւններու շահերուն հետ համահունչ դարձնելու անհրաժեշտութիւնը, նոյն ատեն աշխատելով այդ շահերը զարգացնելու առաւել արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան եւ ռազմավարական գործընկերութիւններու միջոցով:
ԵՐԿԱՐԱՏԵՒ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԻՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Պատերազմը ցոյց տուաւ, թէ ինչպէ՛ս երկարատեւ հակամարտութիւնները կրնան լարել տնտեսութիւնները եւ մատակարարման շղթաները: Հայաստանի համար ասիկա կարեւոր կը դարձնէ նախ՝ պատերազմէն խուսափիլը, դիմացկուն տնտեսութիւն կառուցելը, միջազգային գործընկերութիւնները բազմազանեցնելը եւ վստահելի դաշնակիցներ ապահովելը, որոնք կրնան շարունակական աջակցութիւն տրամադրել ճգնաժամային պահերուն:
ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԵԴԻԱԿԱՆ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻՆ ԴԵՐԸ
Հակամարտութիւնը ցոյց տուաւ ընկերային ցանցերու, քարոզչութեան եւ ապատեղեկատուութեան արշաւներու լայնածաւալ օգտագործումը բոլորին կողմէ: Հայաստան կրնայ սորվիլ հզօր հակա-ապատեղեկատուութեան ռազմավարութիւններ եւ արդիւնաւէտ հանրային հաղորդակցութեան ուղիներ մշակելու կարեւորութեան մասին:
ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԵՐԳՐԱՒՈՒՄԸ
Թէ՛ Իսրայէլ եւ թէ պաղեստինեան խմբաւորումները աջակցութեան համար, հաւանաբար օգտագործեցին իրենց համաշխարհային սփիւռքները: Հայաստան, իր մեծ Սփիւռքով, կրնայ սորվիլ ճգնաժամային պահերուն իր համաշխարհային համայնքը արդիւնաւէտ կերպով ներգրաւելու եւ զօրաշարժի մէջ դնելու մասին՝ նախապատրաստուելով այդպիսի պարագաներու:
ՃԳՆԱԺԱՄԻ ՊԱՀԵՐՈՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒԺԸ
Հակամարտութիւնը ցոյց տուաւ իսրայէլացիներուն, պաղեստինցիներուն եւ լիբանանցիներուն՝ գոյութենական սպառնալիքներու դիմաց միասնական ըլլալու յատկանշական կարողութիւնը՝ հակառակ իրենց ներքին բաժանումներուն: Հայաստանի համար ասիկա օրինակ է ազգային համախմբուածութիւն խթանելու կարեւորութիւնը, յատկապէս ճգնաժամերու ընթացքին:
ՌԱԶՄԱՎԱՐԱԿԱՆ ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ
Հակամարտութեան մէջ որոշ կողմերու, ինչպէս՝ Իրանի, ցուցաբերած ռազմավարական համբերութեան դերը կարեւոր կը դարձնէ երկարաժամկէտ խաղ խաղալու կարեւորութիւնը: Ասիկա կրնայ արժէքաւոր դաս ըլլալ Հայաստանի համար, իր երկարատեւ վէճերը կառավարելու գործին մէջ:
Ասոնք մինչեւ հիմա քաղուած դասերէն մի քանին են: Չենք գիտեր, թէ որքան պիտի տեւէ այս հակամարտութիւնը, կամ որքան աւելի պիտի ընդլայնի: Վստահ եմ, որ շատ մը բանակներ, ներառեալ՝ Հայաստանի թշնամիները, պիտի շարունակեն դիտել եւ սորվիլ այս ժամանակակից մեծ հակամարտութեան զարգացող մարտավարութիւններէն եւ ռազմավարութիւններէն:
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ
2023-2024 թուականներու արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, հակառակ աշխարհագրականօրէն հեռու ըլլալուն՝ կարեւոր դասեր կը պարունակէ Հայաստանի համար: Այս դասերը դէպի ներս հայելացնելով՝ թերագնահատման վտանգներէն մինչեւ արհեստագիտութեան եւ հետախուզութեան կարեւորութիւնը՝ Հայաստան կրնայ աւելի լաւ դիրք ունենալ 21րդ դարու բարդ աշխարհաքաղաքական դաշտին մէջ: Յառաջ ընթանալու ճանապարհը կը պահանջէ խոհեմ ռազմավարութիւն եւ նպատակի միասնականութիւն:
Հայկական բանակին՝ այս գաղափարները իւրացնելը եւ անոնց յարմարիլը կարեւոր են: Հայաստանի ապագան եւ ապահովութիւնը կախեալ են այս դասերու կիրարկումէն: Կազայէն քաղուած փորձառութիւնը կենսական է ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ Հայաստանի եւ համայն աշխարհի համար: