
ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Որքա՛ն տարօրինակ երկիր մըն է Թուրքիան։ Կրօնամէտ եւ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր խիստ ազգայնական իշխանութիւններու գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը (CHP), որ կը փորձէ ինքզինք ցոյց տալ շատ աւելի ժողովրդավար, արդիասէր, խաղաղասէր եւ մասամբ նորին, ըստ երեւոյթին ազգայնամոլութեան ջիղէն չի յաջողիր ձերբազատիլ։
Այսպէս, Պոլուի CHP-ական քաղաքապետ Թանժու Էօզճան բարձրացնել տուած է Թուրքիոյ ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խաղացող Մելիհ Տեմիրալի արձանը։ Վերջինս գայթակղութիւն յառաջացուցած էր, «Եուրօ 24» մրցաշարքին, Աւստրիոյ դէմ մրցումէն ետք դաշտին վրայ «գորշ գայլեր»ու նշանը ցոյց տալով եւ այդ պատճառով երկու մրցումներէ կախակայուեցաւ։ Բնականաբար, արձանը կը ցոլացնէ այդ շարժումը։
Լրասփիւռը ուրկէ քաղեցինք վերոնշեալ լուրը ծայրայեղ ազգայնամոլ, իշխանամէտ En Son Haber-ն է։ Իր այս «գունաւորում»ով, առցանց այս թերթը սկզբունքով պէտք է աւելի քան ողջունէր այդպիսի նախաձեռնութիւն մը։ Բայց եկէք տեսէք որ այդպէս չէ։ Ըստ երեւոյթին կա՛յ բան մը, որ աւելի ծանր կը կշռէ, քան՝ նոյնիսկ ազգայնամոլութիւնը, որ քաղաքականութիւն կը կոչուի։
Արդարեւ, նշեալ թերթը խստօրէն կը քննադատէ քաղաքապետը եւ զայն կը մեղադրէ՝ գրելով. «Այլ բան չի գիտեր, քան՝ արձան կանգնեցնել»։ Հետեւաբար, բաւարար է, որ պաշտպանուած տուեալ «ազգային արժէք» մը (անշո՛ւշտ՝ թրքական ակնոցով) բարձրացուի ընդդիմադիր գործիչի մը կողմէ՝ քննադատելի դառնալու համար…։ Բայց, այս երեւոյթը միայն Թուրքիոյ վերագրելը, ըստ մեզի, այնքան ալ ճիշդ ու արդար պիտի չըլլար։
«ՊԵՇԻՔԹԱՇ»Ի ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒՆ ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ Է «ՕԼԵՄՓԻՔ ԼԻՈՆԷ»Ի ՄԱՐԶԱԴԱՇՏ ՄՈՒՏՔԸ
Որովհետեւ նիւթը ֆութպոլի եւ թուրքերուն մասին է՝ աւելցնենք, որ «Եուրոփա Լիկա»ի մրցումներուն, Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերին, «Օլեմփիք Լիոնէ»ի Տէսինի մարզադաշտին վրայ՝ վերջինիս Պոլսոյ «Պեշիքթաշ» ակումբին հետ ունենալիք մրցումին՝ թուրք համակիրներու մուտքը խստօրէն արգիլուած է։ Ռոնի նահանգապետը որոշած է պաշտօնապէս ո՛չ մէկ տոմս վաճառել թրքական խումբին։ Ան նաեւ արգիլած է մրցումին նախորդող Չորեքշաբթիէն մինչեւ յաջորդող Ուրբաթ թրքական ակումբի ցուցական որեւէ արարք, օդակայանէն, երկաթուղիի կայանէն մինչեւ քաղաքի հրապարակները, կառուղիները…։
Այս խիստ նախազգուշութիւններուն պատճառը երկու ակումբներուն միջեւ 13 Ապրիլ 2017ին տեղի ունեցած նախորդ մրցումին ընթացքին համակիրներու միջեւ բախումներն են, որոնց յիշատակը, բնականաբար բացասական առումով, «ցնցիչ» եղած է։