8 Հոկտեմբերին, Հայաստանի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան, Արցախի մարդու իրաւունքներու նախկին պաշտպան Արտակ Բեգլարեան եւ միջազգային հարցերու իրաւաբան Գառնիկ Քերքոնեան, Ֆրանսայի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Անահիտ Յակոբեանի ուղեկցութեամբ՝ Ֆրանսայի Ծերակոյտի շէնքին մէջ տեսակցութիւն ունեցան Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամական խումբի նախագահ Ժիլպէր-Լիւք Տըվինազի եւ ծերակուտական Վալերի Պուայէի հետ։
Հայկական պատուիրակութիւնը ֆրանսացի դիւանագէտներուն ներկայացուց Ատրպէյճանի յանցանքներու ապացոյցները Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, յատկապէս քննարկելով հետեւեալ հարցերը.

1. Ատրպէյճանի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման եւ հայրենիք վերադարձի հրամայականը` շեշտելով, որ անոնք կ՛ենթարկուին խոշտանգումներու եւ կը գտնուին ամէնօրեայ սպառնալիքներու ենթակայ:
2. Արցախի ժողովուրդին նկատմամբ Ատրպէյճանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, ներառեալ` շրջափակումը, բռնի տեղահանումը եւ հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման փաստերը:
3. Արցախի բնիկ ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքին գծով գործիքակազմերու հարցերը՝ ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային ատեանի որոշումին համապատասխան:
4. 2020էն ի վեր Հայաստանի՝ Սիւնիքի, Գեղարքունիքի, Վայոց ձորի մարզերու տարածքներու ատրպէյճանական բռնագրաւման փաստերը: Ապացոյցներով ներկայացուեցան ժողովուրդին նկատմամբ ատրպէյճանցիներուն ամէնօրեայ յանցանքները (ունեզրկումներ, եկամուտ վաստկելու անկարելիութիւն, խմելու ջուրէն զրկելու փաստեր, կենդանական եւ բուսական աշխարհի զանգուածային ոչնչացում եւ այլն):
5. Պաքուի հովանաւորութեամբ՝ հայ ժողովուրդին դէմ ատրպէյճանական ցեղապաշտութեան, մարդատեացութեան եւ թշնամանքի շարունակուող քաղաքականութիւն:
6. Վերոնշեալ եւ մնացեալ բոլոր յանցանքներուն համար Ատրպէյճանի իշխանութիւնները պատասխանատուութեան ենթարկելու արդիւնաւէտ միջոցներ կիրարկելու անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի նպաստէ նաեւ կանխելու Պաքուի հետագայ յանցանքները:
Աւարտին, հայկական պատուիրակութիւնը երախտագիտութիւն յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխաններուն եւ ծերակուտականներուն՝ իրենց յարատեւ աջակցութեան համար:
9 Հոկտեմբերին, Թաթոյեան, Բեգլարեան եւ Քերքոնեան հանդիպում ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխաններու հետ։
Օրէնսդիրներուն հետ եւս քննարկուեցան Արցախի եւ Հայաստանի ժողովուրդներուն նկատմամբ Ատրպէյճանի յանցագործութիւններուն գծով այդ երկրի դէմ պատիժներ կիրարկելու, արցախահայերուն՝ իրենց հայրենիքը վերադառնալուն եւ Պաքուի մէջ ապօրինաբար բանտարկուած հայ գերիներու հայրենադարձման վերաբերող հարցեր:
Հայկական պատուիրակութիւնը տեսակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Օ-տը-Ֆրանսի շրջանային խորհուրդի նախագահ Էքզաւիէ Պերթրանի հետ։