ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Վերջերս, սփիւռքահայ մամուլին մէջ յաճախ կ՛ակնարկուի երեւոյթի մը, որուն գոյութեան պէտք էինք վարժուած ըլլալ տասնամեակներ առաջ: Սակայն, «ես կ՛ըսեմ, ես կը լսեմ»ի յաճախականութեամբ յայտնուող անխուսափելի այս արարքին յարատեւ կրկնութենէն մեր դասը չքաղելով, անիւը յայտնաբերողի մտայնութեամբ կը մխրճուինք յուսահատութեան խորխորատը:
Խօսքս՝ միջազգային քաղաքական ու կրօնական ղեկավարութեան ելոյթներուն ու յայտարարութիւններուն, Եղեռնի յիշատակութեան բացակայութեան ու Հայ Դատի հանդէպ ի յայտ եկող անտարբերութեան կը վերաբերի:
Անկեղծ ըլլանք, անոնց ադամանդի թանկութեամբ յայտնած կարծիքներն ու ի նպաստ հայկական դատին լոլոզած «փարա» չարժող անհեթեթութիւնները, տասնամեակներու ընթացքին, բան չփոխեցին հայութեան ճակատագրէն, ոչ ալ յետագային պիտի փոխեն…
Հերի՛ք է այսքան միամտութիւն: Հերի՛ք է տասնամեակներով ի զուր, ինչքան գութ ու համակրանք հայցեցինք համայն աշխարհէն: Ամէն երկիր ու կառավարութիւն, ազգային ու տարածքային իր նեղ հաշիւներէն թելադրուած կը գործէ, ուր հայութեան տեղը ցարդ «չգոյ» եղած է…
Աւելի առաջ չգացած՝ խոստովանութիւն մը: Խօսքս Արամ Համբարեանի վերջին ելոյթին կը վերաբերի, երբ մեր սիրելի ընկերը, խոցուած ըլլալ կը թուի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահութեան դեմոկրատթեկնածու Քամալա Հերիսի հայութեան ուղղած կոչէն, երեք տարիով յապաղած համարելով զայն: Սա ալ աւելցնեմ որ, ընկեր Արամ Համբարեանի անձին ու կատարած գործին հիացողներէն եմ: Ըսելիք չկայ, ան արժանաւոր յաջորդն է Հայ Դատի հանրայայտ ղեկավար Շաւարշ Թորիկեանին, որուն Ափրիկէ այցելութեան յիսնամեակը պիտի յիշատակենք շուտով: Այո՛, հանգուցեալ մեր ընկերոջմէ ետք, այդ պաշտօնը վարող ամէնէն սիրուած ու յարգուած ղեկավարներէն մին դարձած է Համբարեան: Սակայն թոյլ տուէ՛ք, որ երիտասարդ մեր ընկերոջ հետ չհամաձայնինք, Քամալա Հերիսը հայութեան հանդէպ չկամութեամբ ամբաստանելու իր աճապարանքին մէջ: Մեր նախահայրերը զուր տեղ չեն կրկնած իմաստուն սա խօսքը՛ «աւելի լաւ ուշ, քան բնաւ…»
Եթէ ճկուն դիւանագիտութեամբ գործելու ըլլայինք, ընդհակառակը, պիտի գովերգէինք ու քաջալերէինք տիկին Հերիսը, որպէսզի նախագահ ընտրուելու պարագային, ան աւելի բուռն կերպով ծառայէ ու կառչէ Հայ Դատին։ Տակաւին ուշ չէ… երկու կողմերուն համար ալ մեղայի գալու ու զիրար սիրաշահելու:
Գալով Վատիկանի եւ Ալիեւներու միջեւ զարգացած «սիրաբանութեան», հոն ալ փոխանակ բացէ ի բաց Հռովմի Պապն ու անոր տնտեսական կցորդը մամուլով պախարակելու, կը սպասէինք, որ Արամ Ա կաթողիկոսն ու Հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Մինասեանը, սաւառնակ նստելով Վատիկան ուղղուէին, երկուքն ալ որպէս բազմաթիւ լեզուներու տիրող փորձառու, դիւանագէտ հոգեւորականներ, Ֆրասիսկոս պապին հանդիպէին, հայութեան հաշւոյն կատարուած վատիկանեան ձախաւեր ընթացքը բարեկամականօրէն մատնանշելով, սրբազան հայրէն խնդրելու՝ Ալիեւներու հետ իր ունեցած բարեկամական կապերը գործի դնելով, գլուխ հանէր Ղարաբաղի տարագիր հայ ժողովուրդին վերադարձը բնօրրանն ու ազատ արձակումը ապօրէն կերպով կալանուած հայ ղեկավարութեան ու միւս գերիներուն:
Ոմանք, գիտնալով կաթողիկէ համայնքը պատկանիլս, ուղղակի երեսիս տուին սրբազան պապին օգնականին կերած ապուրը…
Կ՛ընդունիմ, թէ կարգ մը կղերականներուն մօտ պաշտամունքի հասած է մամոնայի հանդէպ անոնց տածած սէրը: Ըսէ՛ք, այսօր, որ կրօնական հաստատութիւնը պիտի մերժէր առատաձեռն բարերարի մը միլիոններ հաշուող նուիրատուութիւնը, երբ եկեղեցական հաստատութիւնները տնտեսական կարիքը ունին սփոփելու ու օգնութեան հասնելու չքաւոր, կարիքաւոր հաւատացեալներու: Այո՛, գուցէ Հայ կաթողիկէ համայնքին պատկանելուս համար, մեղաւոր զգացումով համակեց զիս վատիկանեան «ալիեւեամիտ» կեցուածքն ու կատարուած անմիտ արարքը: Սակայն քիչ ետք ինքզինքս համոզեցի, թէ ինչո՛ւ պիտի մերժուէր մեծագումար բարերարութիւն մը, երբ եկեղեցիներու շրջափակին մէջ կը վխտան օրուան հացին կարօտ անտունիներ ու չքաւոր հասարակութիւն մը, հոգ չէ թէ քաղաքական ինչ նկատումներով շռայլուած ըլլան անոնք:
Վստահ ենք Հռովմի պապը դրական իր ներդրումը պիտի բերէ հայ եւ ազերի ժողովուրդներու հաշտութեան ու բարեկամութեան, եթէ մեր հոգեւոր պետերը յանձն առնեն գաղտնօրէն հանդիպիլ նորին վսեմութեան:
«ՓՈՐՁԸ՛ ՓՈՐՁԱՆՔ ՉԻ ԲԵՐԵՐ…»
Հոկտեմբեր 8, 2024
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա