Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան պատուիրակութիւնը Մարտունիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Հայաստանի մէջ, Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան անդամներուն հետ: Այս մասին առաքելութիւնը գրած է «Էքս»ի իր էջին վրայ:
«Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան դիտորդները արժէքաւոր պատկերացումներ փոխանցեցին վերջին զարգացումներուն եւ տեղւոյն վրայ մեր ընթացիկ աշխատանքին վերաբերեալ», կ՛ըսուի վերոնշեալ գրառման մէջ: