Ատրպէյճանի Պինակատիի շրջանային դատարանը Արցախի նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանի, Բակօ Սահակեանի եւ Արայիկ Յարութիւնեանի, ինչպէս նաեւ նախկին պաշտօնատարներ Դաւիթ Բաբայեանի, Դաւիթ Իշխանեանի եւ Դաւիթ Մանուկեանի բանտարկութեան ժամկէտը երկարաձգելու որոշում տուաւ։ Լուրը կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
Վերջերս, Պաքու նոր մեղադրանք մը առաջադրեց անոնց դէմ, իբր թէ՝ պատմամշակութային յուշարձաններու ոչնչացման մէջ: