Երեւանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանին մէջ, դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի նախագահութեամբ՝ 11 Հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գերասիմ Վարդանեանի եւ այլոց գործով նախնական դատական լսումները, որոնց ընթացքին քննարկուեցաւ խափանման միջոցներու հարցը:
Վարդանեանի բանտարկութիւնը փոխարինուեցաւ տնային բանտարկութեամբ: Դատարանը սահմանեց նաեւ 2 միլիոն դրամ գրաւ մը:
Նշենք, որ 12 Սեպտեմբերին Վերաքննիչ քրէական դատարանը մերժած էր Վարդանեանը միամսեայ կալանքի տակ պահելու որոշման դէմ փաստաբանին ներկայացուած յատուկ վերանայման բողոքը:
Յիշեցնենք, որ Վարդանեան կը մեղադրուի «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժումին մասնակցողները նիւթապէս շահագրգռելու մէջ: Հայաստանի քննչական կոմիտէն յայտնած էր, որ 2 անձերու նկատմամբ քրէական հետապնդում յարուցուած է՝ հաւաքներուն մասնակցողներուն գումար տալու համար: