

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ, 4րդ անգամն ըլլալով, աշխարհահռչակ նկարիչներ Գառզուի եւ Ժանսեմի գործերէն մաս մը պիտի ցուցադրուի Կլենտէյլի «Հայկական Արուեստներ» ցուցասրահին մէջ՝ 24էն 27 Հոկտեմբերին։
Apple Art-ը երկու ֆրանսահայ նկարիչներու իր հաւաքածոն առաջին անգամ ներկայացուցած էր Դեկտեմբեր 2022ին։ Յաջորդած էին երկու ուրիշներ՝ 2023ին, աւելի փոքր ծաւալով՝ Փասատինայի մէջ։
Գառզու (Գառնիկ Զուլումեան, 1907-2000) եւ Ժանսեմ (Յովհաննէս Սեմերճեան, 1920-2013) Հայկական Սփիւռքի զաւակներ են. առաջինը ծնած է Հալէպ, դպրոցական տարիները անցուցած է Եգիպտոս եւ փոխադրուած է Ֆրանսա, ուր ապրած է մինչեւ իր մահը։ Ժանսեմ ծնած է Սէօլէօզ (Իզմիրի մօտակայքը) եւ յոյներու դէմ կազմակերպուած ջարդի օրերուն անցած է Յունաստան, ապա՝ Փարիզ, ուր մինչեւ իր մահը վրձինը պահած է ձեռքին։
Նկարչական երկու տարբեր դպրոցներու զաւակներ՝ անոնք ստեղծագործած են տասնամեակներ, արուեստասէր հանրութեան մատուցելով տասնեակ հազարաւոր նկարչական գործեր, որոնք այսօր կը գտնուին աշխարհի չորս ծագերուն, զանազան թանգարաններու, պետական թէ հասարակական հաստատութիւններու եւ անհատական հաւաքածոներու մէջ։
Գառզու իր ճարտարապետական կրթութեամբ՝ գիծերու վարպետը դարձաւ։ Ան արծարծեց համամարդկային նիւթեր՝ Համաշխարհային պատերազմներու քանդումներէն մինչեւ հիւլէական պատերազմ, քանդուած քաղաքներէն մինչեւ խոպան դաշտեր եւ ռազմական ուրուագիծեր։ Ան մերժելով մերժեց այդ բոլորը։ Սակայն, նոյն ատեն, ան չմոռցաւ գովերգել Ֆրանսայի եւ յատկապէս Փարիզի պատմական յուշարձանները՝ դղեակներէն մինչեւ Սէնի գետափը, Նոթրը-Տամ եւ Էյֆելի աշտարակ։
Ժանսեմ ապրեցաւ ուրիշ աշխարհի մը մէջ։ Զինք կոչեցին թշուառներու քնարերգակը։ Ան նկարեց աղքատը եւ ոտաբոպիկը, շրջեցաւ Իտալիոյ, Յունաստանի եւ Սպանիոյ գիւղաքաղաքները ու ներկայացուց մարդոց առօրեայ կենցաղը, շուկաները, ձկնորսները, ցլամարտերը, Զատկուան թափօրները, այսինքն՝ «կեանքը ինչպէս որ է»։ «Ես տգեղութեան մէջ գեղեցկութիւնը կը փնտռեմ եւ կը տեսնեմ», յաճախ կը կրկնէր ան։ Աւելի ուշ, Փարիզի պարի ակադեմիոյ պարուհիները գրաւեցին անոր ներաշխարհը եւ կեանքի երկու հանգրուաններով ան նկարեց զանոնք։ Ան այցելեց նաեւ փարիզեան գիշերային վայրերը ու վեր առաւ դիմակահանդէսներու աշխարհը։ Գոյները եւ տիպարները գերիշխեցին ամէն տեղ։
Այս բոլորէն պատառիկ մը պիտի ներկայացուի Հինգշաբթի, 24 Հոկտեմբերէն Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր, Կլենտէյլի Armenian Arts ցուցասրահին մէջ։ Առաջին երկու օրերուն, երեկոյեան ժամը 7էն 10, իսկ վերջին երկու օրերուն՝ կէսօրէ ետք ժամը 2էն 6: Մուտքը ազատ է, իսկ կողքի կանգառը՝ մէկուկէս ժամ անվճար։