Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջարկած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ նախ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպումներ ունենան, համաձայնեցնեն խաղաղութեան պայմանագիրի չհամաձայնեցուած մէկ-երկու յօդուածները, ապա երկիրներու առաջնորդները հանդիպին եւ նախքան Պաքուի մէջ կայանալիք COP29ը ստորագրեն պայմանագիրը:
Այս մասին «Արմէնփրէս»ին յայտնեց Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան:
«Ես, անկեղծ ասած, Ադրբեջանի արձագանգից տեղեակ չեմ, բայց յոյս ունեմ այս տրամաբանութիւնը հնարաւոր կը լինի իրագործել», ամփոփեց Խանդանեան։